Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Լոս Անճելըսի Այնթապահայերու Միութիւնը ինչպէս ամէն տարի, այս տարի նոյնպէս հանդիսաւոր կերպով պիտի նշէ Այնթապահայութեան հերոսական ինքնապաշտպանութեան 97-րդ տարեդարձը։

Օրուան գլխաւոր բանախօսն է ֆրանսահայ յայտնի գիտնական-պատմաբան՝ Գլօտ Մութաֆեան, նիւթ ունենալով «Ֆրանսայի դերը հերոսամարտի շրջանին»։ Ան իր կատարած պրպտումներէն ելլելով, նոր լոյս պիտի սփռէ այդ շրջանին Ֆրանսայի վարած քաղաքականութեան վրայ։

Պիտի ներկայացուի գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, իսկ հանդիսութեան աւարտին՝ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։

Հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի Ապրիլ 2, 2017, կէսօրէ ետք ժամը 5-ին, Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահին մէջ։ 1510 E. Mountain St., Glendale, CA 91207.

Մուտքը ազատ է։

 

Այնթապահայերու Մշակութային Միութեան Վարչութիւն

 

 

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ