Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

ԹՄՄ Լոս Անճելըս. Հրապարակային ներկայացում Սարգիս Վահագնի «Ծաղկաքաղ» պատմուածքներու նոր հատորին

Հինգշաբթի, Մարտ 16-ի երեկոյեան, գրասէր ընտրանի մը փութացած էր Կլենտէյլի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կից Գույումճեան սրահ, ներկայ գտնուելու սփիւռքահայ ծանօթ արձակագիր Սարգիս Վահագնի լոյս տեսած նոր հատորի հրապարակային ներկայացման, որ հրատարակութիւնն է Թէքէեան Մշակութային Միութեան։

Յանուն կազմակերպիչ ԹՄՄ-ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի, փոխ ատենապետ՝ Բարսեղ Գարթալեան կատարեց բացման խօսքը եւ առաջին հերթին երաժշտական ներկայացման համար բեմ հրաւիրեց դաշնակահարուհի Շուշան Պօղոսեանը եւ ջութակահար Ռուբէն Աղէեանը։

Ապա նոր հատորը ներկայացուց Քալիֆորնիոյ Գրողներու Միութեան ատենապետ, ծանօթ խմբավար Հենրիկ Անասեանը։ Ան մօտէն ծանօթ մը եղած է Սարգիս Վահագնի գրական վաստակին՝ վերջինիս Միացեալ Նահանգներ ժամանելէն ի վեր։ Անասեան համապարփակ ներկայացում մը կատարեց «Ծաղկաքաղ» պատմուածքներու հատորին, անդրադառնալով 25 պատմուածքներուն, ուր հեղինակը զանոնք դասաւորած էր 3 մասնաբաժիններու։ Ակնարկեց նաեւ հատորին մէջ տեղ գտած հեղինակին կողմէ օգտագործուած հարուստ բառամթերքին (Անասեանի խօսքը առանձին տեսնել՝ էջ 11)։

Ապա Պրն. Գարթալեան ներկաներուն յայտնեց, թէ յարգելի պատճառով մը, վարչութեան անդամ եւ գրականագէտ Լիլիթ Քէհէեան բացակայ է եւ անոր պատրաստած սրտի խօսքը կարդաց ու ապա ընթերցում կատարեց հատորի առաջին բաժինին մէջ տեղ գտած «Խնձորը» պատմուածքէն, գաղութիս ծանօթ ասմունքող՝ Մելօ Էքիզեանը։

Երաժշտական երկրորդ կտոր մըն ալ հրամցուեցաւ Պօղոսեան-Աղէեան զոյգին կողմէ, հմայելով  ներկաները իրենց բարձրորակ կատարումով։

Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ հարցազրուցաձին ներկայացումով՝ փոխան հեղինակին շնորհակալութեան խօսքին։

Մասնաճիւղի ատենապետ Վաչէ Սեմերճեան կատարեց հարցադրման կէտերը, որոնք դարձեալ պատրաստուած էին Տիկ. Քէհէեանին կողմէ ու 20 րոպէներու մէջ 90-ամեայ հեղինակը պատասխանեց այդ հարցումներուն, որոնք իսկապէս յագեցուցին ներկաներուն գրական ծարաւը։ Սարգիս Վահագնի գրական հարուստ վաստակին ծանօթացան անոնք, ուր հեղինակը անդրադարձաւ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակին, իր առաջին գրական փորձերուն, որոնք անցնող տասնամեակներուն կերտեցին իր գրական վաստակը։

Արդարեւ, գովելի նախաձեռնութիւն մը մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ, որ իր աւարտին հասաւ աւանդական դարձած գինեձօնով ու ճոխ հիւրասիրութեամբ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ