Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանը Երկուշաբթի, Մայիս 29ին հիւրընկալեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Ան ողջունեց ՌԱԿի պատուիրակութեան անդամները ՀՀ Ազգային Ժողովէն ներս եւ ներկայացուց իր գործընկերներ՝ Էտուարտ Շարմազանովն եւ Վահրամ Բաղդասարեանը:
ՀՀ ԱԺ նախագահը նշեց, որ ՌԱԿի՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ իրականացուող նախաձեռնութիւններն ու ծրագիրները անուրանալի նշանակութիւն ունին հայապահպանութեան ոլորտին մէջ: Անոր խօսքով՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը շուրջ 95ամեայ գործունէութեան ընթացքին մշտապէս կապուած է ժողովուրդին եւ հայրենիքին: Արա Բաբլոյեանը նշեց. «Հայաստանում բարձր են գնահատում ՌԱԿի գործունէութիւնը տարբեր երկրներում: Այն մօտեցումները, որոնք կիրառում էք դուք, շատ գնահատելի են. բոլորիս նպատակը պիտի լինեն հայապահպան գործունէութիւնը եւ Հայաստանի զարգացումը»:
Անդրադառնալով տարածաշրջանի մէջ տիրող իրավիճակին եւ հայրենիքի մէջ ապաստան գտած սուրիահայերուն՝ ՀՀ ԱԺ նախագահը նշեց, որ անոնք նոր շունչ, նոր մշակոյթ բերած են Հայաստան, եւ ամէն հայ վստահ է, որ հայրենիք գալով՝ ապահով ու անվտանգ կը զգայ իրեն այստեղ, քանի որ Հայաստանը այսօր օրինակելի է պետականաշինութեան եւ ժողովրդավարութեան առումով:
Արա Բաբլոյեան յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ տարբեր գործընթացներ տեղի կ’ունենան. «Մենք, աչքի առջեւ ունենալով պատերազմի վերսկսման վտանգը, ստեղծում ենք ժողովրդավարութեան ուղիով ընթացող պետութիւն՝ ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիայի»: Այս շրջանակէն ներս խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի մասին՝ ՀՀ ԱԺ նախագահը նշեց, որ խնդիրը ոչ թէ տարածքներուն կը վերաբերի, այլ առաջնահերթ մարդու ազատ, անկախ ապրելու իրաւունքը պաշտպանելուն: Զրոյցի ընթացքին, Արա Բաբլոյեան կարեւորեց աւանդական կուսակցութիւններու դերը ազգային շահի շուրջ միաւորուելու գործին մէջ. բոլոր հայերու նպատակը պիտի ըլլայ Հայաստանի զարգացումն ու բարգաւաճումը:
ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ, Արժանթինի «Սարդարապատ» շաբաթաթերթի հիմնադիր Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանը, շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար, ներկայացուց պատուիրակութեան անդամները. Լեւոն Պըլըխեան (Սուրիա), Հրայր Հովիւեան (Լիբանան), Ճենի Գրիգորեան (Սուրիա), Հայկ Լէփէճեան (Աւստրալիա) եւ Ալեքսան Գարատանայեան (Սուրիա):
Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանը ՀՀ ԱԺ նախագահին ներկայացուց ՌԱԿի մօտեցումները տարբեր հարցերու վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան զարգացման ուղիները: Կարեւորելով հայապահպանութեան դերը սփիւռքի մէջ, Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան նշեց, որ արտասահմանի մէջ գործող բոլոր կուսակցութիւնները պիտի միաւորեն ջանքերը՝ ի նպաստ հայրենիքի զարգացման, Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան պահպանման: