Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Բաց նամակ Ռամկավար ընկերներուս

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Սիրելի ընկերներ,

Դժուար է կարճ գրելը. պիտի փորձեմ ըլլալ զուսպ եւ չափաւոր։

Մեր կուսակցութեան նպատակը եղած է ու կը մնայ հայ ժողովուրդին բարօրութիւնը, անոր հայրենիքին հզօրացումը, եւ այս երկուքին համատեղումը նոյն հողին վրայ՝ Հայաստանի մէջ, Արցախի մէջ, ներկայիս Թուրքիոյ պատկանող պապենական մեր հողերուն վրայ՝ Արեւմտահայաստան եւ Կիլիկիա։

Արդարօրէն կը հպարտանանք Արմենականներու շառաւիղը ըլլալու պատմականութեամբ։ Միասնական աշխատանքի օրինակ կը ծառայենք 1921-ին քով-քովի բերելով ժողովրդավար եւ ազատական թեւերը մեր ժողովուրդին։ Հայրենիքը ամէն բանէ վեր դասելու ջատագովը կը հանդիսանանք շեփորելով 1918-ի, 1920-ի եւ 1991-ի Հայաստանի երեք հանրապետութիւններուն գոյառումը եւ մեր փարումը անոր՝ որպէս միակ երաշխիքը մեր լինելութեան եւ շարունակականութեան։

1988-ի համահայկական Շարժումի օրերուն մեր զօրակցութիւնը յայտնեցինք ազատ եւ անկախ Հայաստան ստեղծող ուժերուն, միացա՛նք անոնց, ծնաւ ՀՌԱԿ-ը Հայաստանի մայր հողին վրայ, Լեւոն Տէր Պետրոսեանը յառաջադրեցինք որպէս մե՛ր թեկնածուն, այլ խօսքով՝ տարինք քաղաքական աշխատանք։ Ողջունեցինք Արցախի ազատագրումը, կարելիութեան մեր սահմաններուն մէջ օժանդակեցինք Արցախի Հանրապետութեան գոյառումին։ Քննադատելով հանդերձ, պաշտօնապէս զօրակցեցանք Հայաստանի երկրորդ եւ երրորդ նախագահներուն, միշտ ու միշտ պետականութիւնը՝ ազգային շահերը վեր դասելով օրուան իշախանութիւններէն։ Նոյնն է այսօր. վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութեան ու նախագահ Արմէն Սարգսեանին տալով մեր ամբողջական զօրակցութիւնը, կը հաւատա՛նք, թէ հայութեան գերագոյն շահերը ա՛յդ կը պահանջեն, նոյն ատեն բաց պատուհան մը պահելով արդար եւ անհրաժեշտ քննադատութեան։

Մեր գաղափարաբանութիւնը՝ հայաստանասիրութիւնը երկրորդ, երրորդ տեղ նետած է ՌԱԿ-ի քաղաքական ախորժակները, անոր մուտքը Հայաստանի քաղաքական կեանքէն ներս։ Հայաստանի մէջ ՌԱԿ-ի անունը մնաց լուսանցքային, որուն պատճառներէն մէկը, եթէ ոչ գլխաւորը, մենք էինք եւ ենք առայսօր։

Անցնող երեսուն, այո, երեսո՜ւն տարիներուն, ՌԱԿ-ը (կամ ՀՌԱԿ-ը) որպէս ամենաժողովրդավար սփիւռքեան կառոյց, Հայաստանի մէջ իր շուրջ պէտք էր համախմբէր ժողովրդավար, իրա՛ւ ժողովրդավար ուժերը։ Այդուհանդերձ, Ռամկավարները չեղան որոշիչ քաղաքական ուժ Հայաստանի մէջ։

Ընկերներ,

Պատճառները մեր տեղքայլին ծանօթ են բոլորիս։ Կուսակցութեան անդամագրուած հարիւրաւոր սփիւռքահայերուս համար ՌԱԿ-ը միջոց է ծառայելու, նուիրուելու, տալո՛ւ Հայրենիքին, որ հոն իր Երեւան մայրաքաղաքով մեր բոլորիս Տունն է եւ նպատակը։

Ուշ ենք, բայց ո՛չ ուշացած։ Վերակազմակերպուի՛լ է պէտք, վերընձիւղուիլ, վերադասաւորուիլ, վերատեսութեան ենթարկել անցնող երեսուն տարիներու յաջողութիւններն ու սխալները, ծրագրել առնելիք յաջորդ քայլերը, չվատնել մեր ուժերը անպտուղ կերպով, չհեռացնել ՌԱԿ-ի գաղափարախօսութեան հաւատացող երիտասարդ եւ միջին սերունդը։

Բոլորս, առաւել կամ նուազ չափով, ունինք մեղքի մեր բաժինը ՌԱԿ-ի այսօրուան յամրաքայլ ընթացքին մէջ։ Այստեղ չկան յաղթողներ եւ պարտուողներ, այլ կայ թունդ հայրենասէր քաղաքական կազմակերպութիւն մը՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, որ 2021-ին պիտի դառնայ հարիւր տարեկան։

Սիրելի ընկերներ,

Զօրավար Անդրանիկի խօսքերը փոխ առնելով, կը փակեմ նամակս։ Այս գիշեր, երբ քուն կը մտնէք, պահ մը մտածեցէ՛ք մեր Հայրենիքին, ՌԱԿ-ին եւ անոր միջոցով ձեր բերելիք նպաստին մասին։

 

Յարգանքներով՝

ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

Լոս Անճելըս, 6 Օգոստոս 2019

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ