Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Պրն. Զարեհ Սինանեանին

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-29 Յուլիս 2019-ին, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Պրն. Զարեհ Սինանեանին:

Շնորհաւորելով պատասխանատու պաշտօնին նշանակուելու կապակցութեամբ,  ՌԱԿ պատուիրակութիւնը յաջողութիւն մաղթեց Զարեհ Սինանեանին, հաւատք յայտնելով, որ ան նոր եռանդ պիտի բերէ համահայկական գաղափարներու կեանքի կոչման եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկուստեք յուզող հարցեր, անդրադարձ կատարուեցաւ համագործակցութեան ուղղութիւններուն: ՌԱԿ պատուիրակութիւնը Սփիւռքի յանձնակատարին յայտնեց, որ ինչպէս միշտ, այսօր եւս ՌԱԿ-ը, իր սփիւռքեան բոլոր շրջանակներու ներգրաւուածութեամբ, պատրաստակամ է աջակցելու հայրենիքի առաջընթացին եւ կարելի եղած բոլոր միջոցներով սատար կանգնելու կառավարութեան ազգօգուտ ծրագիրներուն:

Կեդրոնական Վարչութեան փոխատենապետ Ընկ. Լեւոն Պըլըխեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալեքսան Գարատանայեանը, Կեդրոնական վարչութեան քաղաքական հարցերով խորհրդատու Վիգէն Խաչատրեանը  եւ Աւստրալիայէն Կեդրոնական վարչութեան գործակից անդամ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Աւստրալիոյ ներկայացուցիչ Հայկ Լեփեճեանը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ