Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Ընկ. Յակոբ Անդրէասեան հիւրընկալեց նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը

Երուսաղէմ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Ընկ. Յակոբ Անդրէասեան հիւրընկալեց ՀՀ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը


ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարար Պրն. Արայիկ Յարութիւնեան, Երուսաղէմ այցի ծիրէն ներս, 28 Յուլիս 2019-ին, հիւրընկալուեցաւ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Ընկ. Յակոբ Անդրէասեանի Երուսաղէմի հայոց թաղին մէջ գտնուող ընտանեկան յարկին տակ:

Հանդիպումը անցաւ շատ մտերմիկ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ, ուր զրուցակիցները երկու ժամ տեւող հանդիպման ընթացքին, եր­կուս­տեք՝ շինիչ գա­ղա­փար­նե­րու փո­խա­նա­կու­մով արծար­ծե­ցին հա­յու­թիւ­նը, ի մաս­նա­ւո­րի Երուսաղէմի հայ գաղութը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստանի մէջ տիրող վերջին քաղաքական զարգացումներուն մասին:

Ընկեր Անդրէասեանը յարգելի նախարարին ընդգծեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան դրական տրամադրութիւնները՝ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն հանդէպ եւ պատրաստակամութիւնը՝ զօրավիգ կանգնելու հայրենիքի մէջ կատարուող բարեփոխումներուն:

Պարոն նախարարը գնահատեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անցած ազգային քաղաքական հայրենանպաստ անշեղ ուղին եւ կարեւորեց անոր դերը հզօր եւ ժողովրդավար Հայաստանի ապագայի տեսլականի իրագործման մէջ:

***

Նշենք, թէ Չորեքշաբթի, 31 Յուլիս 2019-ին, ՌԱԿ-ի Հայ Երիտասարդաց Միութեան սրահին մէջ եւս հանդիպում տեղի ունեցած է նախարար Պրն. Յարութիւնեանին հետ, որուն ներկայ գտնուած են ՌԱԿ Երուսաղէմի Շրջանային վարչութեան եւ Հայ Երիտասարդաց Միութեան վարչականներն ու միութեան անդամները: Ներկաները, մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, յատկապէս Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան վերաբերող զիրենք հետաքրքրող հարցերը ուղղած են Պրն. Նախարարին: Նախարարը իր հերթին կարեւորած է համայնքի աշխուժութիւնը այդ ուղղութեամբ եւ  վարչութեան անդամներուն կատարած աշխատանքը:

Աւարտին, Արայիկ Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնած է միութեան անդամներուն ջերմ ընդունելութեան համար եւ բարձր գնահատած հայրենիքէն հեռու հայկականութիւնը այսքան վառ պահելու անոնց գիտակից նուիրումը:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ