Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

ՏԵՄՈՔՐԱԹ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄՂՁԱՒԱՆՋԸ

ՄՈԼԻ ՊՈԼ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Երկու թեկնածուներն ալ տեմոքրաթ են. 76 տարեկան նախկին փոխնախագահ Ճօ Պայտըն, եւ երեսունվեց տարեկան նորընտիր քոնկրէսական Իլհէն Օմար։ Ճերմակալած մազերով, ցեղի ու սեռի հանդէպ որոշ վերապահումներ ունեցող, ու կուսակցական գործակցութեան կողմնակից Ճօ Պայտընին կը հակադրուի ծնունդով Սոմալիէն, իսլամ Ի. Օմար՝ ամերիկանացած քոնկրէսականը, որ փոխհամաձայնութիւնը կը նկատէ մեղսակցութիւն։

Պայտընի համար Տ. Թրամփը մոլորուած է, Օմարի համար՝ խոր ախտանիշ մըն է։ Մինչ Պայտըն վերադարձ դէպի բնականոնութիւն կը քարոզէ, Օմար ատիկա կը նկատէ իր կեղեքումը։

Յիշեալ երկու տեսութիւնները նոյն կուսակցութեան մէջ հանգոյցներ կը ստեղծեն։ Ի՞նչ տեսակ քաղաքականութիւն պիտի խրախուսէ կուսակցութիւնը։ Քուէարկողները ո՞ր շարժումը պիտի քաջալերեն։ Թէեւ միջկուսակցական պայքարները տեւական են քաղաքականութեան մէջ, այս անգամ, անժողովրդական, հրահանգող, անսովոր եւ անօրինակ, կանոնները կոխկռտող նախագահի մը հետ է գործը։

Մէկ կէտի շուրջ համաձայն են տեմոքրաթները. Թրամփը պէտք է երթայ. սակայն անոր շուրջ տարակարծիք են։ Ներկայացուցիչներու Տան 235 տեմոքրաթ երեսփոխաններէն 95-ը կողմնակից է նախաձեռնելու Տ. Թրամփը վար առնելու գործողութեանց։ Տեմոքրաթ նախագահական թեկնածուներէն  երկոտասնեակ մը կողմնակից են այդ քայլը սկսելու։

Կուսակցութեան ղեկավարութիւնը սակայն կը պնդէ Պրն. նախագահը պարտութեան մատնելու 2020-ի ընտրութեանց։ Կուսակցութեան 50 առ հարիւրը զայրացած են Նենսի Փըլոսիի դէմ, Թրամփը աւելի բուռն յարձակումի չենթարկելուն համար. մինչ մնացեալ կէսը ահազանգ կը հնչեցնէ, որ կորսնցնելու վրայ են ամերիկեան միջին հոսանքը։ Ասիկա անուղղակի կերպով կը վաւերացնէ Թրամփի կեցուածքը, որ հետեւողականօրէն յայտարարած է, թէ ռուսական միջամտութիւնը ամերիկեան ընտրութիւններուն «կախարդական որսորդութեան» (witch hunt) յերիւրանք է, որ քուէարկողներու մեծամասնութեան առօրեայ կեանքին հետ այնքան ալ առնչութիւն չունի։

Վերոյիշեալ տարակարծութիւնները լուսարձակի տակ եկած են Յուլիսի վերջերուն։ Արդարեւ, յիշեալ զուգահեռ բաժանումները քոնկրէսական տեմոքրաթներու եւ 2020-ի նախագահական ընտրութեան տեմոքրաթ թեկնածուներու միջեւ, կը յայտնաբերեն լուրջ ճեղքեր քաղաքականութեան՝ որդեգրուելիք ռազմավարութեան եւ ինքնութեան հարցերու մէջ։ Տեմոքրաթ քուէարկողներու հետեւողական մեծամասնութիւն մը կը մերժեն նախագահին գործունէութիւնը, չեն ուզեր անոր վերընտրութիւնը, ու կը խորշին անոր նկարագրէն ու քաղաքականութենէն։ Նոյնիսկ Թրամփի դաշնակիցները կ՚ընդունին, թէ անոր վերընտրութեան յոյսերը կախում պիտի ունենան անոր կարողութենէն այլ ընտրանքը աւելի զզուելի դարձնելու։

Ընդդիմադիր կուսակցութեան մը համար չի բաւեր իշխանութեան ձախողութիւնները մատնանշել։ Տեմոքրաթ քուէարկողները միաժամանակ կը պահանջեն ա՛յլ կամ փոխարինող տեսլական մը, որ գործնապէս պիտի իրականացուի։

Թրամփի իշխանութիւնը կը յենի բաժանումի արարքներու վրայ՝ ցեղապաշտական լոզունգներով, արգելափակումի քեմփերով, գաղթականներու կայաններով, ազգային ինքնութեան տեսիլքով։ 2020-ի ընտրութիւնները ձեւով մը հանրաքուէն պիտի դառնան քաղաքացիներու կամքին՝ երկրին ապագային նկատմամբ։

Անցեալ Յունիս 27-ին, տեմոքրաթ նախագահական թեկնածուներու (20 հոգի) հաւաքական բանավէճին հոծ հասարակութեան ներկայութեան, Քեմըլա Հերիս ի մէջ այլոց ձաղկեց Ճօ Պայտընը, որ իր դիւանագիտական հռչակը կառուցած էր ցեղային բաժանումի (segregation) վրայ։ Արդարեւ, Պայտըն, իր հակառակորդներուն հետ գործակցելով, պայքարած էր որ դաշնակցային կառավարութիւնը չստիպէ օթոպիւսի օգտագործումը պետական այն դպրոցներուն մէջ, որոնք կ՚ընդդիմանային օթոպիւսով սպասարկութեան, անխտիր բոլոր ցեղերէ աշակերտներու համար։ Թէեւ Պայտըն առաւելագոյն ժողովրդականութիւնը կը վայելէ տակաւին, սակայն անոր վերոյիշեալ կեցուածքը կարծէք անոր ընտրարշաւին դամբանագրի արձագանգներն են։

Նախընտրական սոյն հրապարակային հանդիպումներուն, կը կազմաւորուի կուսակցութեան կեցուածքը. թեքում դէպի ձա՞խ, թէ միջին դիրքորոշում, խարիսխը խթանե՞լ թէ կեդրոնը ամրացնել, սիստեմը վա՞ր առնել թէ բարելաւել։ Վերոյիշեալ կարելիութիւնները ներկայիս շուքի մէջ մնացած են Թրամփի ուրուականով եւ անոր շարժումով։ Եթէ Ամերիկայի քաղաքացիները պիտի մերժեն Թրամփի ազգայնականութիւնը եւ սպիտակ ինքնութիւնը, ի՞նչն է իրենց տարբերակը։

Երկոտասնեակ մը նախագահական թեկնածուներով, տեմոքրաթներուն մեծամասնութիւնը անվճռական է։ Սակայն, ներկայիս, հինգ թեկնածուներու վրայ կեդրոնացում կայ.- Ուորրըն եւ Հերիս կը յառաջդիմեն, մինչ մնացեալները յետադիմելու վրայ են։

Խորհրդարանին մէջ, այս ամառ Փըլոսի առաջ քշեց իրաւախոհական (compromise) օրինագիծ մը, որ պիտի հոգայ այն գաղթականները, որոնք արգելափակուած ըլլալով, կը սպասեն ապաստանի իրաւունքին։ Երիտասարդ թեկնածուները արմատական փոփոխութիւններ կը պահանջեն կուսակցութեան դիրքորոշումներուն մէջ։ Իսկ Թրամփ մատնանշեց թէ տեմոքրաթ չորս ծայրայեղ կին թեկնածուներու քաղաքականութիւնը համազօր չէր միւսներուն, եւ թէ զանոնք քննադատելու տեղ, «վերադառնալու» էին իրենց նախահայրերուն երկիրը։

Նախագահին այս տգեղ կոչը պիտի ազդէ 2020-ի ընտրութեանց վրայ։ Աւանդապահ հանրապետականները պիտի նախասիրէին որ Թրամփ ընտրարշաւի ընթացքին ծանրանար երկրին առողջ տնտեսութեան, տուրքերու նուազման՝ բնակչութեան երկու երրորդին եկամուտները աւելցնելու նպատակով, ինչպէս նաեւ՝ դաշնակցային դատաւորներու թիւը աւելցնելու մասին։ Մինչդեռ Թրամփ կը ծրագրէ վախի եւ երկփեղկումի մթնոլորտ մը ստեղծել։

Ըստ յառաջդիմականներու եւ շատ մը հանրապետականներու, Թրամփ մթնոլորտը կը թունաւորէր իրեն կողմ եղողներու թիւը բարձրացնելու համար։ Նորընտիր ձախակողմեան տեմոքրաթ քառեակը – Օմար, Ալեքսանտրիա Օքազիօ – Քորթէզ (Նիւ Եորք), Այաննա Փրեալի (Մեսեչուսէց), Ռաշիտա Թլէյզ (Միշիկըն) – չէր ներկայացներ տեմոքրաթներուն մեծամասնութիւնը, ոչ ալ՝ կուսակցութեան մայր հոսանքը։ Կուսակցութեան շարքերուն մեծամասնութիւնը տարիքաւոր եւ աւելի չափաւորական է։ Սակայն երիտասարդ ուժերն են որ աշխուժութիւն կը ցուցաբերեն այս առաջին հանգրուանին։ Ասոնք յատկապէս կ՚ուզեն ջնջել անձնական ապահովագրութիւնը, սահմանէն ապօրէն անցնիլը ոճրային արարք չնկատելով, ու կը ջատագովեն առողջապահական խնամք ապօրէն բնակութիւն ունեցողներու։ Ամերիկացիներու մեծամասնութեան մօտ վերոյիշեալ տուեալները ժողովրդականութիւն չեն վայելեր։

Տեմոքրաթներու յաջողութիւնը վերջին ընտրութեանց չափաւորական թեկնածուներու յաղթանակն էր, հանրապետական նահանգներու արուարձանաբնակներու քուէներով, յատկապէս իգական սեռի զարգացեալ նոր սերունդին աջակցութեամբ։

«Թրամփ հանճար մը չէ, պարզապէս ցեղապաշտ մըն է. չենք ուզեր մանկիկներ տեսնել վանդակներու մէջ. վերջ մը տալու է twitter-ներու պատերազմին։ Այս ընտրութիւնը հանրաքուէ մը դառնալու է Թրամփի մասին»։

Միայն մեծ, տարբեր խմբաւորում մը կրնայ հակակշռել քուէարկութիւնը, ուր ծայրայեղ խոտորում (divergent) կայ, ինչպէս Պայտընի եւ Օմարի միջեւ։ Ամերիկեան քաղաքականութեան այս բիրտ հանգրուանին, քուէարկողները կը տենչան կայուն առաջնորդութիւն, միացնող տեսիլք, մթութենէն դուրս ելլելու ուղի մը։

Թրամփիզմին մոխիրներէն տեմոքրաթները հաւանականութիւն մը ունին ամերիկեան դաւանանք մը կերտելու. միա՛յն եթէ անոնք կարենան պատկերացնել թէ ինչն է այդ մէկը։

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Time» շաբաթաթերթ, 5 Օգոստոս 2019

Երկու թեկնածուներն ալ տեմոքրաթ են. 76 տարեկան նախկին փոխնախագահ Ճօ Պայտըն, եւ երեսունվեց տարեկան նորընտիր քոնկրէսական Իլհէն Օմար։ Ճերմակալած մազերով, ցեղի ու սեռի հանդէպ որոշ վերապահումներ ունեցող, ու կուսակցական գործակցութեան կողմնակից Ճօ Պայտընին կը հակադրուի ծնունդով Սոմալիէն, իսլամ Ի. Օմար՝ ամերիկանացած քոնկրէսականը, որ փոխհամաձայնութիւնը կը նկատէ մեղսակցութիւն։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ