Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Սեպտեմբեր 8-ին Հայաստանի ծնողազուրկ եւ hաշմանդամ երեխաներու օգնութեան հիմնադրամի 19-րդ թելեթոն

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

       ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Կիրակի, Սեպտեմբեր 8-ին, ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի ժամանակով

երեկոյեան ժամը 5։00-էն 12։00, Լոս Անճելըսի հայկական AABC եւ High Vision հեռատեսիլի կայաններէն տեղի պիտի ունենայ մեր հայրենիքի «Ծնողազուրկ եւ հաշմանդամ երեխաներու օգնութեան հիմնադրամի» 19-րդ թելեթոն-դրամահաւաքը:

       Նախորդ տարիներուն նման, այս տարի եւս Թելեթոնին պիտի մասնակցին հայրենի եւ սփիւռքի ազգային-հասարակական գործիչներ, հոգեւորականներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ այս հիմնադրամի բարերարներէն ոմանք:

      Մօտ քսան տարիներ առաջ, Լոս Անճելըս ապրող խումբ մը հայեր, առանց գաղափարական կամ յարանուանական խտրութեան, գլխաւորութեամբ մեր շատ սիրելի, ազգային անխոնջ հրապարակագիր եւ հրապարակախօս Յովհաննէս («Քաջ Նազար») Բալայեանի, հիմը դրին աստուածահաճոյ եւ ազգանուէր այս միութեան, որուն գլխաւոր նպատակն է տեղ եւ ապաստան հայթայթել հայրենի ծնողազուրկ եւ հաշմանդամ կարիքաւոր երեխաներուն:

 

      Այս հիմնադրամը քսան տարիէ ի վեր բազմաթիւ եւ բազմատեսակ ծրագիրներով հասած է այս երեխաներուն։ Ամէն տարի նուէրներով, Ձմեռ Պապիկի ժամանումով կը զուարճացնեն այդ պզտիկները եւ անոնց տուները, պատսպարանները, խաղադաշտերը նորոգած են կամ հիմնովին կառուցած:

       Այս տարի, ծնողազուրկ եւ հաշմանդամ երեխաներու հիմնադրամի պատասխանատուները որոշած են Սպիտակ քաղաքի մարզամշակութային, ընկերային եւ ծանրաբարձութեան կեդրոնը՝ բոլոր բաժիններով նորոգել եւ ամբողջութեամբ զարդարել, որպէսզի քաղաքի փոքրիկներն ու պատանիները իրենք զիրենք հանգիստ եւ ուրախ զգան:

            Այս Թելեթոնին, արդէն իսկ որոշ ազգայիններ իրենց նպաստը եւ նուէրը հասցուցած են սոյն ծրագրին, ուրիշներ ալ մեծագոյն ուրախութեամբ խոստացած են իրենց լուման հասցնել հայրենանուէր այս նպատակին համար:

            Սեպտեմբեր 8-ի այդ օրը, մեր արուեստագէտներէն ոմանք իրենց ելոյթներով եւ կոչերով պիտի դիմեն մեր ժողովուրդին, որպէսզի իրենց սիրտերուն հետ՝ իրենց քսակներն ալ բանան ազգային եւ մարդկային վեհ նպատակներ հետապնդող այս գործին համար:

            Ըսուած է, որ «հայուն ցաւէն միայն հայը կը հասկնայ»: Արդարեւ, Հայրենիքի կամ Սփիւռքի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ, հայ արիւնակիցներու ցաւին միշտ եւ առաջին հերթին հայն է որ հասած է, խորապէս հասկնալով անոնց ցաւը:

            Մենք ալ, մեր հայրենաբնակ բազմակարօտ ժողովուրդի ցաւերուն եւ կարիքներուն աւելի կը հասկնանք, եւ միասնական ու միասիրտ հարկաւոր ենք դարման գտնել այդ բոլորին:

            Ուրեմն, եկէք բոլորս ձեռք-ձեռքի տալով, Աստուծոյ մեզի տուած օրհնութիւններէն բաժին հանենք հայրենի մեր երեխաներուն, սրտբացօրէն մասնակցելով Կիրակի, Սեպտեմբեր 8-ի երեկոյեան ժամը 5։00-էն 12։00 հեռատեսիլի 381 եւ 384 կայաններէն սփռուելիք Թելեթոնին:

            Հայաստանի ծնողազուրկ եւ հաշմանդամ կարիքաւոր երեխաներու ֆոնտի 100-է աւելի կազմին, հիմնադրամը միշտ քաջալերող ազնիւ հայրենակիցներուն եւ մանաւանդ անոր հիմնադիր-նախագահ Յովհաննէս Բալայեանին շնորհակալութիւն յայտնելով, կ՚ըսենք. Ձեր վարձքը կատար:          

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ