Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկեան Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ 

Շուներու յատուկ թանգարա՞ն…


Հասկնալի է, որ շուներն ու այլ կենդանիները ունենան իրենց հիւանդանոցը, ուր բուժուելու կ՚երթան անոնք։ Հասկնալի է, որ անասունները ունենան իրենց գերեզմանատունը, ուր պէտք է թաղուին անոնք։ Հասկնալի է նաեւ, որ անասունները ունենան իրենց պանդոկը, ուր հանգստանալու կ՚երթան անոնք՝ երբ իրենց տէրերը արձակուրդով բացակային տունէն։

Սակայն, հասկնալի չէ երբեք, որ շուները ունենան իրենց թանգարանը, ուր ցուցադրուին իրենց պատկերներն ու արձանները (տեսնել նկարները)… Եւ ահա 32 տարուան բացակայութենէ մը ետք, «Շուներու թանգարան»ը կը վերադառնայ Նիւ Եորք՝ այս տարուան Փետրուար ամսուան 8-ին։

Մինչ այդ՝ վերոյիշեալ թանգարանը կը գործէր Լուիզիանա նահանգի Սէյնթ Լուիզ քաղաքին մէջ, ուր հետաքրքրութիւնը նուազած ըլլալով՝ թանգարանը վերադարձաւ իր տունը, Նիւ Եորք եւ զետեղուեցաւ Մենհէթըն կղզիի նշանաւոր Փարք պողոտային վրայ։

Հետաքրքրական է գիտնալ, որ այս թանգարանը կը հովանաւորուի American Kennel Club-ին կողմէ։ Թանգարանի մուտքի արժէքն է չափահասներու համար 15 տոլար, 12 տարեկանէն վար փոքրիկներու համար՝ 5 տոլար, իսկ աշակերտներու, մեծահասակներու եւ վեթերաններու համար՝ 10 տոլար։

Նիւ Եորքի «վերակենդանացած» այս երկու յարկանի թանգարանին մէջ կան երկու իւրայատուկ ցուցադրութիւններ, որոնք յատկապէս կը գրաւեն այցելուին հետաքրքրութիւնը։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ, թէ ինչ են անոնք։

Արդարեւ, անոնցմէ առաջինը կը կոչուի «Գտիր նմանդ» (Find your match): Սա խցիկ մըն է ուր մտնելով պէտք է ըսես ”Woof”, որու հիման վրայ կը նկարուիս եւ մեքենան քեզի կը յայտնէ շան տեսակի քու նմանդ, այսինքն՝ French Poodle, Australian Terrier, German Shepherd եւ այլն… Մարդիկ կարծես շատ պէտք ունին նմանելու շուներու։

Իսկ երկրորդը կը կոչուի “Meet the Breeds”, որ քեզի կը յայտնէ նախընտրած շան տեսակիդ կերպարը, յատկութիւններն ու անոր սերունդի պատմութիւնը։ Շուն սիրողներուն համար՝ կ՚երեւի կարեւոր է այս մէկը, բայց զիս չի հետաքրքրեր երբեք ու վերջ։

 

«Խելագար մազի օր», Crazy Hair Day…


Ամերիկեան օրացոյցին մէջ կան իւրայատուկ օրեր, երբ պետական պաշտօնատեղիներն ու հանրային դպրոցները փակ կը մնան, յիշատակելու այդ օրերուն զուգադիպող տօները։ Օրինակ՝ Մարթին Լուտըր Քինկ օր, Նախագահներու օր, Նահատակաց օր, Բանուորական օր, Վեթերաններու օր եւ այլն։

Յիշատակութեան արժանի աւանդական այդ օրերուն կողքին վերջերս աւելցած են «շինծու» օրեր, զանազանութիւն բերելու՝ մարդկանց ընկերային կեանքի այլապէս միօրինակ եւ ձանձրացուցիչ պայմաններուն։ Օրինակ, զաւակդ հետդ գործի բերելու օր, ընտանի կենդանիդ հետդ գործի բերելու օր եւ այլն։

Այդ «շինծու» օրերու վերջին նորաձեւութիւնն է «Խելագար մազի օր»ը, ըստ որուն՝ դպրոցական աշակերտներ կրնան դպրոց յաճախել իրենց նախընտրած մազի սանտրուածքով կամ հիւսուածքով… Ինչո՞ւ, գոհացում տալու համար կարգ մը մայրերու «չնաշխարհիկ» գաղափարներուն։

Վերոյիշեալ մայրերը կը բնակին Թեքսաս նահանգի Հիւսթըն քաղաքը (Գոհացում տալու ո՛չ միայն մայրերու գաղափարներուն, եւ ո՛չ միայն Թեքսասի մէջ, այլ նաեւ Լոս Անճելըսի հայկական դպրոցներէն ներս.- Ն.Օ.)։ Ստորեւ, քանի մը օրինակներ այդ մազերու արտասովոր հիւսուածքներէն։

Առաջինը (տեսնել նկարը) կը ներկայացնէ “The Little Mermaid” ֆիլմի ջրահարսը, որ կը կոչուի Արիէլ։ Այս մէկը շահած է առաջնութիւնը։ Երկրորդը (տեսնել նկարը) կը ներկայացնէ կաղանդի ծառը, իր զարդարանքներով։ Ուրիշ աղջկայ մը մազի հիւսուածքը կը ներկայացնէ վանդակ մը, որուն մէջ կ՚երեւի դեղձանիկ մը եւ այսպէս տասնեակ մը ուրիշ հիւսուածքներ, որոնք կը փաստեն թէ որքան սուր են մայրերուն երեւակայութիւնները…

Բայց ի՜նչ պէտքը կայ մայրերու հաճոյքին գոհացում տալու համար չարչրկել երեխաները, որոնք մազերու այդ հիւսուածքներով օր մը ամբողջ պիտի տառապին՝ որպէսզի չխանգարեն եւ կանգուն պահեն այդ «շինութիւններ»ը։ Ես պիտի ձայնակցիմ Շէյքսփիրին, որ կ՚ըսէ, «Բազում աղմուկ՝ վասն ոչինչի» եւ թողում դատաստանը ընթերցողին հայեցողութեան։ Շնորհակալութիւն եւ վերջ։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ