Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Փաշինեան. «Հատուածականութիւնը պէտք է փոխարինուի համահայկականութեամբ»

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Օգոստոս 5-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ժամանելով Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտ հանդիպում ունեցած է նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ։ Անոնք քննարկած են հայկական երկու հանրապետութիւններուն միջեւ համագործակցութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ։

Նոյն օրը երեկոյեան, մայրաքաղաքի Վերածնունդ հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է հանրահաւաք, ուր ներկայ հազարաւոր հայորդիներու դիմաց ելոյթ ունեցած է վարչապետ Փաշինեան։ Նշենք, թէ յաջորդ օրը բացումն էր Համահայկական խաղերուն եւ այդ իսկ պատճառով Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն մեծ էր ներկայութիւնը այդ հաւաքին։

Ստորեւ, միասնականութեան ուղղուած այդ ելոյթէն յատկանշական մէջբերումներ.

«Մեր իրականութեան մէջ հատուածականութիւնը պէտք է փոխարինուի համահայկականութեամբ,– նշած է ան,– եւ թէ պէտք է հրաժարուել այն մտածելակերպից, երբ իրար բաժանում ենք ղարաբաղցիների, գիւմրեցիների, սփիւռքահայերի և այլն: Նոյն խնդիրը երկար տարիներ ունենք Սփիւռքում, երբ հայութիւնը բաժանուած է պարսկահայերի, յունահայերի, լիբանանահայերի, նոյնիսկ հին ու նոր սփիւռքի, ինչը երբեմն բերում է հակասութիւնների: Այս ամէնը չի տեղաւորւում յեղափոխութեան կառուցուածքում: Եւ տեղի ունեցած վերջին փոփոխութիւնների, մասնաւորապէս, Սփիւռքի հարցերով գլխաւոր յանձնակատարի ինստիտուտի ներդրման գլխաւոր նպատակը ոչ միայն հին ու նոր Սփիւռքի, այլև Հայաստանի ու Սփիւռքի միջև սահմանները ջնջելն է, Սփիւռքը պէտք է իրեն Հայաստանի գործերի լիարժէք շահառու զգայ, ինչպէս դա կար համահայկական յեղափոխութեան օրերին»։

Յաջորդ քայլը, Փաշինեանի համաձայն, ուժերու մէկտեղումն է ընդհանուր նպատակի իրագործման համար։ «Իսկ նպատակը Հայաստանի եւ Արցախի զարգացումն է բոլոր առումներով՝ անվտանգային, տնտեսական, աշխարհաքաղաքական։ Այդ յաջողութիւնները կը զօրացնեն նաեւ Սփիւռքը», շեշտած է ան, անդրադառնալով նաեւ ներգաղթի կարեւորութեան։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ստեփանակերտի հանրահաւաքին խօսած է ազգային կարեւոր խնդիրներու, առաջնային քայլերու մասին։

Ակնարկելով, թէ ինչո՞ւ Արցախի մասին առանձին անդրադարձ չկայ իր խօսքին մէջ, ան նշած է, թէ Արցախը Հայաստան է եւ վերջ…

Հետաքրքրական է անոր ազգային «տեսիլքը»… թէ ո՞ւր կը տեսնէ ան Հայաստանը 30 տարի ետք՝ 2050-ին, ազգային թէ միջազգային բեմերու վրայ։ 

Մինչեւ 2050 թուական…

«Մինչեւ 2050 թուականը պէտք է կարողանանք լուծել հետեւեալ խնդիրները. Հայաստանի բնակչութիւնը հասցնել առնուազն 5 միլիոն մարդու, ստեղծել 1 միլիոն 500 հազար աշխատատեղ, լուծել 2,5 միլիոն մարդու զբաղուածութեան հարց եւ վերացնել աղքատութիւնը, Հայաստանը դարձնել արդիւնաբերական երկիր, տասնհինգապատկել Հայաստանի համախառն ներքին արդիւնքը, ունենալ 10 միլիարդ տոլար արժէքը գերազանցող առնուազն 5 հայկական տեխնոլոգիական ընկերութիւն եւ 10 հազար աշխատող ստարտափ, եօթնապատկել միջին աշխատավարձը, բանակի մարտունակութեան ցուցանիշով զբաղեցնել աշխարհի առաջատար երկրների առնուազն առաջին քսանեակում, ունենալ աշխարհի տասը ամենաարդիւնաւէտ հետախուզական ծառայութիւններից մէկը, ապահովել առողջապահական ծառայութիւնների 100 տոկոսանոց հասանելիութիւն եւ առողջապահութեան ֆինանսաւորումը քսանապատկել, կրթութիւնը դարձնել ազգային ապրելակերպ, կրթութեան եւ գիտութեան ֆինանսաւորումը քսանապատկել, Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկների թիւը հասցնել 15 միլիոնի, Հայաստանի ֆուտբոլի հաւաքականը դարձնել Եւրոպայի եւ (կամ աշխարհի) առաջնութեան մետալակիր, նուաճել 25 օլիմպիական ոսկէ մեդալ եւ շախմատի աշխարհի անհատական չեմպիոնը»։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ   Փաշինեանի ելոյթը բարձրօրէն գնահատուած է ներկաներուն կողմէ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ