Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Ստեփանակերտի մէջ բացումը կատարուեցաւ Համահայկական 7-րդ խաղերուն

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Երեքշաբթի, Օգոստոս 6-ի ուշ երեկոյեան, Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մարզադաշտին վրայ հանդիսաւոր արարողութեամբ տեղի ունեցաւ Համահայկական 7-րդ խաղերուն բացումը։

Թատերական ներկայացումով նախ հիւսուեցաւ հայոց պատմութիւնը, հեթանոսական տարիներէն հասնելով մինչեւ մեր օրերը։ Արցախի եւ Հայաստանի դրօշակներուն բարձրացումէն ետք, աշխարհի չորս կողմերէն, տարբեր քաղաքներու պատուիրակութիւններ ու մարզիկներ մուտք գործեցին մարզադաշտ։ Աւելի քան հինգ հազար մարզիկներ, աշխարհի145 տարբեր քաղաքներէ կը մասնակցին այս խաղերուն։ Երեւանը ունի ամէնէն մեծ պատուիրակութիւնը՝ 375 հոգի։ Քալիֆորնիայէն կը մասնակցին տարբեր խումբեր տարբեր քաղաքներու անուններու տակ։ Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով ներկայ են Տուպայը եւ Պաղտատը, բազմաթիւ հայաշատ քաղաքներու կողքին։

Խաղերուն կրակը վառեցին Արցախի առաջնորդ Պարգեւ Սրբազանը, Համահայկական խաղերու հիմնադիրներէն, բարերար Ալպէռ Պոյաճեանը եւ Ողիմպիական ախոյեան Հրաչեայ Պետիկեանը։

Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Համահայկական խաղերու կազմակերպչական կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան եւ Բակօ Սահակեան։ Իսկ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան սրտառուչ ելոյթէ ետք բացուած յայտարարեց 7-րդ խաղերը։

Բացման արարողութիւնն ու խօսքերը միմիանց կը լրացնէին արտայայտուելով Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան մասին։ Բացման շքեղ արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ համերգային ճոխ ծրագիր, ուր ելոյթ ունեցան անուանի երգիչ-երգչուհիներ։

Համահայկական 7-րդ խաղերուն մարզիկները պիտի պայքարին 17 մարզաձեւերու մէջ։ Մրցումներուն մեծ մասը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ եւ պիտի եզրափակուին Օգոստոս 17-ին, Ազատութեան հրապարակին վրայ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ