Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Հանդիպում ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանին հետ

Շաբաթ, 2 Նոյեմբերին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը՝ վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի գլխաւորութեամբ այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանին:

Պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը, ողջունելով հիւրերը, առանձնայատուկ կարեւորեց սփիւռքեան կառոյցներու աշխոյժ դերակատարութիւնը հայապահպանութեան, հայրենիքի հետ կապի ամրապնդման գործին մէջ։

ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներու խնդրանքով Դաւիթ Տօնոյեանը ներկայացուց զինուած ուժերու համար իրականացուող լայնածաւալ բարեփոխումներու ընթացքը, սահմանային իրադրութիւնը, պաշտպանական ոլորտի առաջնահերթութիւններն ու ծրագրերը։

Ընկ. Մայք Խարապեան շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար, ընդգծեց, որ այսօր մեր սահմաններու պաշտպանութեան գերագոյն առաջադրանքը իրականութիւն կը դառնայ

հայոց անվեհեր բանակի մասնակցութեամբ եւ նուիրական սխրանքներով: Ան նաեւ վստահեցուց, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, որպէս աշխարհատարած հայկական աւանդական կուսակցութիւն, ինչպէս երէկ, այսօր եւս յանձնառու է իր ամբողջական ներուժը ի սպաս դնելու հայոց բանակի ուռճացման եւ զօրեղացման վեհ գործին, ինչպէս նաեւ հետամուտ է հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ պատրաստակամ է բանակ-հասարակութիւն փոխգործակցութեան շրջագիծէն ներս հանրային բնոյթի ծրագիրերու իրականացման հարցով։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ