Շաբաթ, 2 Նոյեմբերին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ընկերներ՝ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի գլխաւորութեամբ այցելեցին Արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանին:
Ընկ. Խարապեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝ Ընկ. Յակոբ Անդրէասեան (Երուսաղէմ), Ընկ. Լեւոն Պըլըխեան (Երեւան), Ընկ. Փանոս Քէշիշեան (Լոս Անճելըս), Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան (Երեւան), Ընկ. Բարդուղ Գալստեան (Արցախ) եւ Ընկ. Վիգէն Խաչատրեան (Երեւան):
Արտաքին գործոց նախարարը ողջունելով հիւրերը բարձր գնահատեց ՌԱԿ-ի նշանակալի աւանդը համահայկական օրակարգի հարցերու բարձրաձայնման եւ անոնց լուծման ուղղուած ծրագիրներու իրականացման գործին:
Նախարարը ներկայացուց կառավարութեան ծրագրի արտաքին քաղաքական ուղղութիւնը, Ղարաբաղեան հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման գործընթացի առնչութեամբ Հայաստանի մօտեցումները։
Ընկ. Մայք Խարապեան ողջունելով նախարարը, ընդգծեց, թէ ՌԱԿ-ը, որպէս հարիւր տարուան փորձ ունեցող եւ սփիւռքի հայագաղութներուն մէջ գործող աւանդական կուսակցութիւն, պատրաստակամ է իր բոլորանուէր ճիգերով մասնակցելու եւ նեցուկ կանգնելու հայրենի արտաքին գերատեսչութեան աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ սատարելու մեր պետականութեան ամրապնդման միտուած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բեղմնաւոր եւ այնքան կարեւոր ճիգերուն:
Կողմերը նաեւ քննարկեցին գերատեսչութեան հայկական գաղութներուն մէջ ծաւալած աշխատանքներուն շուրջ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները եւ միտքեր փոխանակեցին հայապահպանութեան գործին պետութեան դերակատարութեան շուրջ: