ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երկուշաբթի, 4 Նոյեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, Անթիլիաս, Լիբանան, իր գրասենեակին մէջ ընդունած է այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի եւ Ս. Էջմիածնի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամ, իրաւաբան Յովսէփ (Ժոզէֆ) Կանիմեանի (Լոս Անճելըս)։
Այցելութիւնը առիթ հանդիսացած է քննարկումներ կատարելու ու տեսակէտներ փոխանակելու Հայաստանի այժմու կացութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցերու ու մարտահրաւէրներու մասին։