Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Այցելութիւն Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ-Երեւան. Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ընկերներ՝ ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի գլխաւորութեամբ, Նոյեմբեր 1-ին այցելեցին ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:

Հանդիպման ընթացքին, վարչապետը ողջունելով ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ընկերները, նշեց, թէ ուրախ է ՌԱԿ ներկայացուցիչներու հետ հերթական հանդիպման համար եւ կարեւորեց նման ձեւաչափով շփումները, քննարկումները: «Մեր վերջին հանդիպումը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ներկայացուցիչներու հետ տեղի ունեցաւ այս տարուան Սեպտեմբերին, Լոս Անճելըսի մէջ՝ ԱՄՆ իմ այցի շրջագիծէն ներս: Մենք կը կարեւորենք հայ աւանդական կուսակցութիւններու, մասնաւորապէս ՌԱԿ-ի դերն ու գործունէութիւնը հայապահպանութեան, Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ կապերու ամրապնդման գործին վերաբերեալ: Բարձր կը գնահատենք ՌԱԿ-ի դիրքորոշումը եւ աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ տարբեր ոլորտներու մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն եւ կը կարեւորենք մեր երկխօսութեան շարունակումը»,– ըսաւ Նիկոլ Փաշինեանը:

ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանը կարեւորեց Հայաստանի վարչապետին հետ հանդիպումը, որ լաւ առիթ է մայր հայրենիքի հզօրացման ուղղութեամբ համատեղ ընելիքներու շուրջ միտքերու փոխանակումը շարունակելու համար: Ընկ. Խարապեան անգամ մը եւս յիշեցուց, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը զօրավիգ է վարչապետ Փաշինեանին, Հայաստանի կառավարութեան եւ իր աջակցութիւնը վերահաստատեց Հայաստանի առաջընթացին միտուած լայնածաւալ բարեփոխումներուն ու ծրագիրներուն:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայապահպանութեան, Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ կապերու սերտացման, հայ աւանդական կուսակցութիւններու գործունէութեան, կառավարութիւն-ՌԱԿ համագործակցութեան առնչուող հարցեր։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ