Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Տէր եւ Տիկ. Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեան՝ ի պատուի

Հանրայայտ «ԹՈՒՄՕ»-ի հիմնադիր, գործարար, բարերար, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, «Նոր Օր»-ի ջերմ բարեկամ Տիար Սէմ Սիմոնեան եւ ազնուափայլ տիկինը՝ Սիլվա, յառաջիկայ 26 Յունուար 2020-ին պիտի պատուըուին Հայ կրթական հիմնարկութեան կողմէ, Լոս Անճելըսի մէջ, հիմնարկութեան 70-ամեակին առիթով։

Հայաստանի 12-18 տարեկան պատանիներուն համար արհեստագիտութեան ճամբով աշխարհին բացուելու բացառիկ առիթ կը շնորհէ «ԹՈՒՄՕ»-ն, ուր թեքնոլոճիի նորաստեղծ հնարաւորութիւններէն կ՚օգտուին անոնք, զարգացնելով գիտարուեստի իրենց կարողականութիւնները։

Մեր բարի ցանկութիւնն է, որ Տէր եւ Տիկ. Սէմ Սիմոնեաններուն բացառիկ նուիրումն ու տեսիլքը վարակիչ դառնան մեր այլ հայրենակիցներու՝ խօսքէն անցնելով գործի, որպէսզի պատրաստենք վաղուան յաջողակ սերունդներ հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ