ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-
ՏԷՅՎԻՏ ՖՐԵՆՉ
2016-ի նախագահական ընտրութեանց ընթացքին, հակաթրամփ պահպանողականները կը կրկնէին նոյն աղերսանքը.- նկարագիրը ճակատագիր է։ Մարդու խառնուածքը, գիտութիւնը եւ ուղղամտութիւնը (integrity) անփոխարինելիօրէն կ՚ուղղէ կամ կը ձեւաւորէ իր վարքը։
Պրն. Թրամփի նախագահութեան ընթացքին ականատես ըլլալով անոր նկարագրի հետեւանքներուն, ոչ մէկ քաղաքական տագնապ լիովին յայտնաբերած է իր արտաքին քաղաքականութեան թերութիւնները, մանաւանդ Ուքրանիոյ ու Սուրիոյ մէջ։ Նկարագրի այն բոլոր թերի գիծերը որոնք մտահոգութիւն կը պատճառէին, յայտնաբերեցին անոր խառնուածային (temperamental) անատակութիւնը, մանրուք ապականութիւնը եւ իր պաշտօնին անձեռնհասութիւնը։
Սկսինք Պրն. նախագահին անկարողութեամբ։ Անվիճելի է որ անիկա դէմ յանդիման գտնուեցաւ ռազմավարական ու դիւանագիտական լուրջ մարտահրաւէրի մը Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ։ Ստեղծուած զինուորական բարդ հակամարտութեան ընթացքին, առաւ ահրելի որոշումներ, որոնք պիտի ունենային անմիջական, խոր հետեւանքներ։
Այս Հոկտեմբերի սկիզբները, ամերիկացիք դաշնակից էին քիւրտերուն հետ, որոնք կրած էին պատերազմին սաստկութիւնը, ենթարկուելով ծանր կորուստներու՝ ԻՍԻՍ-ի դէմ իրենց պայքարի ընթացքին։ Ամերիկա դաշնակից էր միաժամանակ Թուրքիոյ. թէեւ այդ դաշնակցութիւնը հետզհետէ դժուարացաւ։ Քանի մը օրեր յետոյ, հեռախօսային կապէ մը ետք նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հետ, Թրամփ հաղորդեց ամերիկեան ուժերու պարպումը Հիւսիսային Սուրիայէն, ինքնաբերաբար ջնջելով քիւրտերու հետ դաշնակցութիւնը։ Այսպիսով ԻՍԻՍ-ի շնորհուած կ՚ըլլար կենսական ուղի մը, միաժամանակ ձգտուածութիւն յառաջացնելով թուրք-ամերիկեան փոխյարաբերութեանց մէջ։
Սուրիական այս դժբախտութիւնը ժամանակաւորապէս նսեմացուց ուքրանական հարցը։ Սակայն, նախագահին հարցը աւելի կը յայտնաբերէ Թրամփի ապականութիւնը եւ անատակ ըլլալը։
Իրականութիւնը կը շարունակէ յայտնաբերուիլ. Թրամփ կը փորձէր պարտաւորել Ուքրանիան, որ հետաքննութեան ենթարկէ Ճօ Պայտընը եւ իր զաւակը՝ Հանթըրը, փոխադարձ օգնութեան խոստումով։ Բաց աստի, Թրամփի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլիտիմիր Զելենսքիի միջեւ փոխանակուած հաղորդագիրները (messages), ըստ ամերիկացի դիւանագէտի մը, կը ցուցաբերէին որ Թրամփ կը պայմանաւորէր ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնը փոխան ուքրանական տեղեկութեանց։
Թրամփի պահանջքներէն ամէնէն արդարանալին,– որ Ուքրանիա օժանդակէ օտար միջամտութեանց բացայայտումին՝ 2016-ի Ամերիկայի նախագահական ընտրութեանց ատեն,– դարձեալ արատաւորուած է։
Պրն. նախագահը նախապաշարուած է մանրուք դաւադրական տեսութիւններով, ներառեալ՝ այն արտառոց գաղափարը, թէ Ուքրանիոյ մէջ գոյութիւն ունի արհեստական արբանեակ մը (server) մը, որ կը փաստէ թէ Ռուսաստան չէ միջամտած 2016-ի ամերիկեան ընտրութեանց ատեն, ու կամ կը պարունակէ Հիլըրի Քլինթընի պակսող email-ները։ Բացարձակապէս ոչ մէկ ապացոյց կայ որ նման server մը գոյութիւն ունի, կամ՝ կը գործէ։
Մինչ Թրամփի նախագահութիւնը եղծանուած է իր քաոսային վարմունքով, անոր պաշտպանները կրկնապէս մատնանշած են, թէ իր քաղաքական կեցուածքներէն շատեր,– տուրքի, վիժումի իրաւունքի, դատարանային նշանակումի,– հանրապետական գլխաւոր հոսանքին հետ են։ Իր խորհրդատուները բարեխառնած են իր հակումները։ Սակայն այս բոլորը փոխուելու վրայ են։ Պահակագիծերը (guardrails) քանդուած են։
Թրամփի նկարագիրը հալածած է իր լաւագոյն խորհրդատուները։ Զօրավար Մեթիս հեռացած է։ Անիկա հրաժարած է Թրամփի առաջին փորձին, երբ ուզեց քանդել սուրիացի քիւրտերու հետ դաշնակից կապերը։ Սպիտակ Տան խորհրդական Տոն Մըք Քահն արդէն վաղուց լքած է իր պաշտօնը։ Անիկա մերժած էր պաշտօնէ արձակել յատուկ խորհրդական Ռոպըրթ Միւլըրը։ Ճոն Քելին նոյնպէս մեկնած է։ Հ. Ռ. Մըք Մասթըրը դարձեալ հեռացած է իր պաշտօնէն։
Կար ժամանակ երբ հանրապետականները կը հաւատային, թէ մարդու մը նկարագիրը կշիռ ունէր։ Իրենց ղեկավարութեան պաշտօնատարները կը զգուշացնէին ամերիկացի ժողովուրդը, թէ Պիլ Քլինթըն կիներ հրապուրող ստախօս մըն է, որուն անձնական վարքը անզգոյշ է։ Ճշմարիտ էր անոնց մեղադրանքը։ Նոյնիսկ նախագահական Պալատին վարկը (իր ամուսնական ուխտն ալ) կրնային զինք ետ կեցնել յաւակնոտ արարքէ մը, եւ ոչ ալ երդում մը՝ սուտ խօսելէ իր ապօրէն մէկ արարքին մասին։
Սակայն կողմնակից (partisan) միտքը կարող է անվերջանալի խեղաթիւրումներու եւ բանսարկութիւններու դիմել գերիշխանութեան տիրանալու համար։ Կողմնակից երեսփոխանի մը համար, նկարագիրը կարեւոր չէ այլեւս։ Ատիկա անտեղի ազդակ մըն է այլեւս, ուժի տիրանալու համար։ Անցեալին, նման կեցուածքի մը հակառակ էին Հանրապետականները։
Թէեւ հաճելի էր տեսնել, որ կարգ մը Հանրապետականներ կը դատապարտէին Թրամփի Սուրիայէն քաշուիլը, քիչեր միայն կ՚ընդունէին ամբողջական ճշմարտութիւնը, թէ Թրամփ սանձարձակ կը գործէր։ Այս էր անոր իրական կերպարը. անիկա կը փաստէր, թէ ապականած էր, անատակ եւ անձեռնհաս, ինչ որ քննադատներուն վախն էր։
Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
«Time» շաբաթաթերթ, 4 Նոյեմբեր 2019