Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հանդիպում Լոս Անճելըս գաւառի վերակացու՝ Քաթրին Պարկըրին հետ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Չորեքշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2019-ին, կ.ե. ժամը 3-էն 5, ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի մայր սրահէն ներս, շատ ջերմ ու սիրալիր մթնոլորտի մէջ, տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն-հանդիպում մը, ի պատիւ Լոս Անճելըս գաւառի 5-րդ շրջանի վերակացու՝ Քաթրին Պարկըրին հետ։

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՌԱԿ Արեւմտեան շրջանի Հայ Իրաւանց Խորհուրդին կողմէ, գլխաւորութեամբ խորհուրդի  ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանին։

Յիշենք, թէ Լոս Անճելըս գաւառը Քալիֆորնիոյ մեծագոյն գաւառն է, որ ըստ 2010-ի մարդահամարի 10 միլիոն 400 հազար բնակչութիւն ունի, 10,570 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն, 164 քաղաքներ եւ համայնքներ, իսկ անոր տարեկան պիւտճէն 34 պիլիոն տոլար է։ 84,000 անձ կը գործէ այս գաւառին մէջ, որոնց 8 առ հարիւրը հայեր են։

Գաւառը ունի 5 շրջաններ, եւ ունի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած 5 վերահսկիչներ։

Տիկ. Քաթրին Պարկըր հինգերորդ շրջանի վերահսկիչն է, որ ունի 89 քաղաք եւ համայնքներ. հինգերորդ շրջանը ամէնէն հայահոծ շրջանն է Լոս Անճելըս գաւառի ողջ տարածքին մէջ։

Տիկ. Քաթրին Պարկըր ՌԱԿ-ի «Նոր Օր» երկլեզու 98-ամեայ պաշտօնաթերթի խմբագրատուն այցելեց եւ խորագոյն տպաւորութիւններ ունեցաւ Քալիֆորնիոյ հայութեան 98 տարիներու պատմութեան եւ կեանքին հայելին հանդիսացող «Նոր Օր»եր թերթատելով։ Ապա, յարգելի հիւրը հանդիսասրահին մէջ ծանօթացաւ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի անդամներուն եւ համակիրներուն։

Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան սիրաջերմ խօսքերով ողջունեց յարգելի վերահսկիչը, շնորհակալութիւն յայտնեց, որ իր կարճատեւ պաշտօնավարութեան ընթացքին, մեր հայ գաղութին ի նպաստ պատմական նշանակութիւն ունեցող գործունէութիւն կատարած է։

Խօսք առաւ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի ժրաջան ղեկավարներէն՝ Հրանդ Վարձպետեան։ Ան շատ տպաւորիչ ելոյթով ողջունեց պատուարժան հիւրը, յիշեց անոր բազմաբնոյթ ծառայութիւնները Լոս Անճելըս գաւառի բնակչութեան ու յատկապէս հայ համայնքին։ Ապա, Պրն. Վարձպետեան հրաւիրեց վերահսկիչը իր խօսքը փոխանցելու համար։

Անոր իր բովանդակալից խօսքին մէջ յիշեց գաւառի բազմաթիւ եւ բազմատեսակ ծառայութիւնները, որոնք կը մատուցեն գաւառի բնակչութեան. խօսեցաւ իր եւ հայ համայնքի երկար տարիներու փոխադարձ սերտ եւ սիրալիր յարաբերութիւններուն մասին, անդրադարձաւ Հայ-ամերիկեան Թանգարանին մէկ միլիոն տոլար նուիրատուութիւն ձեռք ձգելու աշխատանքին, Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչելու ձեռնարկներուն։

Ապրիլ ամսուան ընթացքին, Տիկ. Պարկըր չորս հայ հասարակական գործիչներ կը պատուէ։ Նմանապէս գաղութի բոլոր հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարները կը հրաւիրէ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումի՝ մեր նահատակներու յիշատակին։

Այս խօսքէն ետք, Տիկ. Պարկըր շատ շահեկան տեղեկութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն։ Վերջաւորութեան Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան եւ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի անդամները յուշատախտակ մը յանձնեցին վերահսկիչ Պարկըրին, խորապէս յուզելով զինք։

Ապա վերահսկիչը ներկաներուն անձամբ ծանօթանալէ եւ զրուցելէ ետք, բաժնուեցաւ ներկաներէն կրկին անգամ մեր կեդրոնը այցելելու խոստումով։

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ