Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌՈՒՏԻԻ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-VERA BERGENGRUEN, BRIAN BENNETT

Որքա՞ն վնաս պիտի հասցնէ Թրամփի նախագահութեան, Ճուլիանիի վերջին 18 ամիսներուն աղմկարար գործունէութիւնը։ Վարչակարգին նախկին երէց ու ներկայի պաշտօնակատարները մտահոգ են, որ Թրամփի մտածողութեան մէջ Ճուլիանի տեղաւորած է դաւադրական տեսութիւններ։ Պրն. նախագահը չի գիտեր, կամ չի հասկնար, թէ Ճուլիանի ունի առեւտրական շահեր, որոնցմէ մաս մը կրնան նպաստաւորուիլ, Ճուլիանիին իրեն տուած խորհուրդներու գործադրութեան պարագային։ Ճուլիանին կ՚ամբաստանեն մանաւանդ անոր համար, որ Յուլիս 25-ին, անիկա Թրամփը մղած է «հեռաձայնելու Ուքրանիոյ նախագահին, որպէսզի հետազօտեն 2020-ի քաղաքական իր հաւանական մրցակիցը՝ Ճօ Պայտընը»։

Պրն. նախագահը չ՚անդրադառնար, կամ մտահոգ չէ, որ Ճուլիանիի մթին գործելակերպը,– միաժամանակ՝ վաճառաշահութեան ու քաղաքականութեան,– ուր հասցուցած է զինք։ Հոկտեմբեր 20-ին, պատասխանելով «Time»-ի մէջ թղթակիցի հարցումին, Թրամփ յայտարարած է. «Անիկա միշտ կը հետապնդէ եղծումը (կամ՝ փտութիւնը). շատեր նո՛յնը պէտք է ընեն։ Ճուլիանին լաւ մարդ է»։

Պրն. Թրամփ կրնայ դիմակալել դատավարութիւն մը, ամբաստանուելով իր պաշտօնատան զեղծումներով (abuses), որոնցմէ մաս մը կը վերաբերի Ուքրանիոյ մէջ Ճուլիանիի գործունէութեանց։

Այս վերջնոյն մոլորեալ նախաձեռնութիւնները, յատկապէս քաղաքական մարզէն ներս, կրնան տգեղ վերջաւորութեան մը յանգիլ։ Հարց է, թէ անոնք ի՞նչ տեսակ վախճան մը պիտի ունենան։

ՈՉ ՄԷԿԸ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՅ ԻՐԵՆ

Հոկտեմբեր 2018-ին, Ճուլիանի ժամանեց Երեւան։ Պետական պաշտօնատարներով շրջապատուած, անիկա այցելութիւն տուաւ Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին։ Առիթէն օգտուելով, թղթակիցները հարցեր կու տային Մ. Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան մասին։ «Հոս եկած եմ, ոչ թէ նախագահ Տ. Թրամփի անձնական իրաւաբանի հանգամանքով, այլ՝ իբրեւ պարզ քաղաքացի»։ Թէեւ անիկա եկած էր Հայաստանի կողմէ հովանաւորուած առեւտրական համագումարին, խօսք առնելու համար cyber security-ի մասին։ Անիկա Հայաստան եկած ըլլալով իբրեւ Սպիտակ Տան բանբերը, թղթակիցները հարց կու տային իրեն, թէ Ամերիկա պաշտօնապէս պիտի ճանչնա՞ր Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Վ. Փութինի երկարամեայ խորհրդականը։ Գիտենք թէ, Ուքրանիոյ մասնակի գրաւումին պատճառով, 2014-էն իվեր Ամերիկա պատժամիջոցներ որդեգրած է Ռուսաստանի հանդէպ։ Այս համագումարին առիթով, իր ելոյթին մէջ Ճուլիանի կը ճօճէր ամերիկեան գործակցութեան մը կարելիութիւնը ռուսական խմբաւորումին հետ՝ cyber security-ի ուղղութեամբ։ Հայաստանի մէկ ներկայացուցիչը Ճուլիանիի յայտնեց, թէ «անիկա կրնար ըլլալ միջնորդ անձը Երեւանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ»։

Ճուլիանի «Time»-ի հաղորդեց, թէ «շատ նպատակայարմար էր իր ելոյթը», առանց մանրամասնութեանց անդրադառնալու։ Արդարեւ, անիկա մէկ ելոյթի համար 200,000 տոլար կը գանձէր, իսկ ամսական 175,000 տոլար՝ ապահովական խորհուրդի փոխարէն։ Այսպէս, անոր ընկերութիւնը 1,6 միլիոն տոլար կը գանձէր, պրազիլեան Ամազոնի մէջ ապահովական միջոցառումներ ձեռք առնելու համար։

Նախագահ Թրամփի ներքին շրջանակին մաս կազմելէ ետք, իր գործառնութիւնները աւելի համարձակ դարձան։ Օտար պաշտօնատարներ, գործարարներ ու լրագրողներ գիտէին ինչպէս կապուիլ հետը։

Ըստ Ճուլիանիի, իր գործարարութեանց մասին հարցադրումները «անարգական են»։ Ան կը հաստատէ, թէ կը վճարուի իր մասնագիտութեան համար, եւ ոչ թէ ներկայացնելով օտարներ, կամ՝ Թրամփի վարչամեքենայի բանակցութեանց (lobbying) համար։ Անիկա 2018-ին փակեց իրաւաբանական իր գրասենեակը (Greenberg Traurig), եւ անկէ իվեր Պրն. նախագահին համար ձրի կ՚աշխատէր, հայրենասիրական պարտականութենէ մղուած։ Համաձայն իր բարեկամներուն, կարգ մը վայրերու, կամ երկրին կարգ մը շրջանակներուն մէջ, մարդիկ կը շարունակեն յարգել զինք, յայտնելով «Շնորհակալ ենք Պրն. քաղաքապետ ձեր կատարածին համար»։

 ՈՐՊԷՍ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ԸՆՏՐՈՒԵԼԷ ԵՏՔ 1993-ԻՆ

Ճուլիանի մաքրագործեց Նիւ Եորքի ոճիրները, յաճախ օգտագործելով հակասական միջոցներ։ Սակայն իր պատասխանը 2001 Սեպտեմբեր 11-ի ահաբեկչական արարքին, զինք դարձուց միջազգային անձնաւորութիւն մը։ Առեւտրական աշխարհի վաճառաշահ կեդրոնին երկու երկնաքեր շէնքերուն կործանումը սարսափեցուց Ամերիկան, ու Ճուլիանիի վճռական ներկայութիւնը զինք որակեց «աշխարհի քաղաքապետը»։

Անիկա ձգելէ ետք իր պաշտօնը, այնուհետեւ իր համբաւը նիւթապէս արդիւնաւորեց զինք։ Սկիզբը հրատարակեց «Ղեկավարութիւն» (Leadership) վերնագրով հատորը, եւ ապա սկսաւ վճարովի ճառերով հանդէս գալ։ Միայն 2006-էն 2007-ի ընթացքին, անիկա գոյացուց 16 միլիոն տոլար, որուն 10 միլիոնը իր բանախօսութիւններէն՝ ղեկավարութեան եւ ապահովութեան մասին։

Բարձր համբաւի տիրանալէ ետք, 2008-ի ընտրութեանց իր թեկնածութիւնը դրաւ նախագահական պաշտօնին համար։ Սակայն, արտերկրի իր գործառնութիւնները եւ իր ազատամիտ կեցուածքները հարցապնդուեցան։ Յատկանշական դարձաւ Ճօ Պայտընի ընտրական մէկ լոզունգը Ճուլիանիի մասին. «Գոյական մը, բայ մը եւ 9/11»։

Նախագահական թեկնածութեան ձախողութիւնը զինք վերադարձուց դրամ շահելու գործին՝ իբրեւ միջազգային ապահովութեան խորհրդատու։ Սակայն իր յաճախորդները վիճելի անձեր էին, ներառեալ՝ թուրք ոսկեվաճառ մը, որ իրանեան դրամանիշերու լուացարարութիւն (money laundering) կ՚ընէր։ Ճուլիանի բազմաթիւ անգամներ Ռուսաստան ու նախկին սովետական երկիրներ ճամբորդեց, «Triglobal Strategic Ventures» ընկերութեան միջոցով, խորհրդատու դառնալով ռուս «oligarch»-ներու ու Քրեմլինի մօտիկ անձնաւորութեանց։

Շատ մը ուրիշներու նման, Ճուլիանի զարմացած է, որ իր երկարամեայ բարեկամը՝ Տանըլտ Թրամփ նախագահ դարձած էր։ Ճուլիանիի ներկայ դիրքը, իբրեւ նախագահական պատուիրակ, հրապարակաւ յայտնաբերուեցաւ 7 Հոկտեմբեր 2016-էն ետք։ Թրամփի ընտրութենէն ետք, Ճուլիանի մերժեց բարձր պաշտօններ Արդարութեան նախարարութեան  կամ Homeland Security-ի բաժանմունքին մէջ, յուսալով որ Պետական քարտուղար կը նշանակուի։ Սակայն Թրամփ եւ իր փեսան՝ Ճարէտ Քուշնէր մտահոգ էին, որ անոր համբաւը կրնար զինք անհակակշռելի դարձնել։

Ճուլիանիի նոր դիրքը ֆինանսական պարգեւ մըն էր։ Սակայն անիկա կը տենչար աւելիին՝ իրական իշխանաւորութեան։

Ռուսական միջամտութեան հետաքննութեամբ Թրամփ կը փնտռէր մէկը, որ կարողանար զինք պաշտպանել։ Ճուլիանի, որ հեռատեսիլէն Մուլըրի դէմ ամբաստանութիւններ կ՚ընէր, լաւագոյն անձը նկատուեցաւ։ Նախագահական շրջանակի շատ անձեր պաշտօնէ արձակուեցան, կամ՝ հրաժարեցան։ Բայց Ճուլիանի գոյատեւեց։ Սակայն, Ուքրանիոյ գայթակղութեան պարագային, Ճուլիանիի հետապնդումները պատմական հետեւանքներ կրնան ունենալ իրեն, նախագահին եւ երկրին համար։

Լեւ Փարնաս եւ Իկոր Ֆրուման, նախկին սովետ երկու գաղթականներ, Օգոստոս 2018-ին, Ճուլիանիի ծառայութեան մէջ մտան, փոխան կէս միլիոն տոլարի։ Անոնք միաժամանակ ծանօթացան հանրապետական շրջանակներուն, ու նոյնիսկ շնորհներու արժանացան։

Անոնց բախտը երկար չտեւեց։ Հոկտեմբերի սկիզբները Փարնաս ու Ֆրուման ձերբակալուեցան Ուաշինկթընէն դուրս գտնուող Dulles օդակայանին մէջ։ Անոնք ամբաստանուեցան քաղաքական ազդեցութիւն ապահովելու դաշնակցային ոճիրով, ինչպէս նաեւ՝ ամերիկեան քաղաքական ազդեցութիւն ձեռք ձգելու յանցանքով։ Անոնք միաժամանակ ամբաստանուեցան 675,000 տոլար նուիրաբերելու համար 14 հանրապետական թեկնածուներու։

Յիշեալներուն ձերբակալութիւնը լոյս սփռեց նաեւ անոնց այլ գործառնութեանց վրայ Ճուլիանիի հետ։ Անոնք իբրեւ միջնորդ կը ծառայէին Ուքրանիոյ իշխանութեանց ու Ճուլիանիին միջեւ, որպէսզի կարելի ըլլար ձեռք ձգել քաղաքական վնասակար տեղեկութիւններ տեմոքրաթներու մասին։ Անոնք Թեքսասի Ներկայացուցիչներու տան անդամ Փիթ Սեշընզը մղած էին, որ Ուքրանիոյ Ամերիկայի դեսպանը դուրս դնելու աշխատանք տանի, քանի որ անիկա կրնար արգելք ըլլալ Պայտընի մասին քաղուելիք տեղեկութեանց։ Թեքսասի նախկին քաղաքապետը, երբ Մայիսին ջնջած էր դէպի Ուքրանիոյ մայրաքաղաք իր այցելութիւնը, Փարնաս գացած էր Քիեւ, որպէս ներկայացուցիչ Ճուլիանիի՝ տեղեկութիւններ քաղելու համար Պայտընի մասին։

Զուգահեռաբար, ըստ «Time»-ի, Ճուլիանի ստացած էր կէս միլիոն տոլար, Փարնասի զեղծարարութիւնները արգիլող ընկերութենէն։ Ֆլորիտայի դատարանի արխիւներէն յայտնաբերուած է, թէ 2000 թուականներուն, Փարնասի ու Ֆրումընի դատական գործերու ընկերութիւնը, շարք մը ձախող գործառնութիւններ, դատեր ու սնանկութիւններ ունեցած է, չկարենալով վճարել իր փոխառութիւնները։

Ըստ «Wall Street Journal»-ի, Նիւ Եորքի հարաւային գաւառի դատարանը հետաքննութեան ենթարկած է Ճուլիանիի կապերը Փարնասի ու Ֆրումընի հետ, ինչպէս նաեւ անոր հանդիպումները Ուքրանիոյ պաշտօնատարներուն հետ։ «Կ՚ենթադրեմ թէ վերոյիշեալ անձերը անմեղ են» «Time»-ի յայտնած է Ճուլիանի։

Թրամփի վարչամեքենային անկախ պաշտօնատարները յայտնաբերած են, թէ Ճուլիանի աշխատած է Ուքրանիան մղել, որպէսզի հետաքննէ Պայտընի գործառնութիւնները այդ երկրէն ներս։

Մէկ բան յստակ է, որ Ճուլիանի կը զգայ ֆինանսական հետեւանքները ուքրանական գայթակղութեան եւ ատոր համար ուրախ չէ։ Ներկայացուցիչներու տան մանրակրկիտ հետաքննութիւնները ստիպած են զինք հեռու կենալու շահաւէտ առիթներէ։

Սակայն երբ իր ճամբորդութեան ծրագրի մասին շշուկներ տարածուեցան, whistle blower-ին կողմէ ամբաստանուեցաւ Ուքրանիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու յանցանքով, ինչ որ հանրային ցնցում յառաջացուց։ Հաստատելէ ետք իր վճարովի ճառը, խօսքը փոխեց յայտնելով թէ ի վերջոյ պիտի չվերադառնար Երեւան։

 

(Շար. 2 եւ վերջ)

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Time» շաբաթաթերթ, 11 Նոյեմբեր 2019

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ