Կիրակի, Նոյեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Ռակ Կեդրոնական Վարչութիւն. Ազգային Գերագոյն Մեր Շահերուն Դէմ Է Անհարկի Եւ Անտեղի Աղմկարարութիւնը

Վերջին շաբաթներուն, ազգային բոլոր մեր այլ մտահոգութիւնները մէկ կողմ դրած, ցուցարարութիւններ կը կազմակերպուին Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի դէմ, բողոքարկելու համար որոշումը, ըստ որուն, հայրենի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններէն ներս, այլեւս, պարտադրաբար դասաւանդուող առարկաներ պիտի չըլլան հայերէն լեզուն եւ հայոց պատմութիւնը։

 

Հակառակ տրուող յստակ բացատրութիւններուն, թէ յատուկ զարկ պիտի տրուի որ, յետ այսու, հայագիտական առարկաներու դասաւանդութիւնը դպրոցներէն ներս դառնայ աւելի որակաւոր ու հիմնաւոր եւ թէ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ ընդունուելու համար դիմորդները այլեւս հայերէն լեզուի մուտքի քննութիւն յանձնելու պարտաւորութեան տակ պիտի դրուին (մինչ ցարդ բաւարար նկատուած են դպրոցական վիճակացոյցի նիշերը), աղմկալից ցուցարարութիւններով հանդէս կու գան գիտակ թէ անգիտակ անհատներու խումբեր։

 

Տեղին է նշել նաեւ, թէ հայրենի դպրոցները ներկայիս ունին տասներկուամեայ դասաւանդութեանց ծրագիր, ի տարբերութիւն ոչ շատ հեռու անցեալի տասնամեայ ուսումնական ծրագրին։ Հետեւաբար, հայագիտական առարկաները կ’ուսուցանուին երկու յաւելուածական տարիով։

 

Նոր օրէնսդրութիւնը չի բացառեր ալ, որ բարձրագոյն ուսումնական որեւէ հաստատութիւն, դասաւանդուող պարտադիր առարկաներու շարքին ունենայ նաեւ հայերէն լեզուն, եթէ տուեալ հաստատութիւնը տնօրինող գիտական խորհուրդը զայն յարմար նկատէ։ Միւս կողմէ, մասնագիտական ուսումնառութեան ծրագիրներէ ներս հայերէն լեզուն եւս անպայմանօրէն ընդգրկելը, անխուսափելի կերպով կը նշանակէ բան մը զեղչել այլապէս դասաւանդելի մասնագիտական առարկաներէն։

 

Աշխարհի մէջ գոյութիւն չունի որեւէ հեղինակաւոր համալսարան ուր, նեղ մասնագիտական ուսումնական ծրագիրները պարտադրաբար կ’ընդգրկեն նաեւ տուեալ երկրի լեզուն։

Լեզուական հմտութեան յստակ մակարդակի պահանջը, սակայն, խիստ տրամաբանականօրէն, կրնայ մաս կազմել ընդունելութեան պայմաններու լրացումին։

 

Խորապէս ընդվզեցուցիչ է, որ ցուցարարները, երբեք չեն մտահոգուած դպրոցներու մէջ եւ ցարդ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններէ ներս դասաւանդուող հայագիտական առարկաներու որակով ու մակարդակով։ Չեն մտահոգուած մայրենիի իրենց պակասաւոր գիտելիքներով։ Չեն մտահոգուած, առ հասարակ, ազգային մեր դիմագիծը գռեհկացնող բազմաթիւ աղաղակող երեւոյթներով։

 

Ցաւալի է, նաեւ, որ չեն անդրադառնար կամ կը փորձեն անգիտանալ թէ անհարկի եւ անտեղի աղմկարարութիւնը դէմ է ազգային գերագոյն մեր շահերուն։

 

Ներկայ իրավիճակներու հոլովոյթը կը պահանջէ որ ազգովին, ԱՆՊԱՅՄԱՆՕՐԷՆ ունենանք շատ աւելի պատասխանատու գիտակցութիւն եւ կեցուածք։ Ժամանակներու ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆՆ է որ վերջնականապէս թօթափենք հատուածական բոլոր հակամիտութիւնները։

 

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

 

Ռաֆֆի Պալեան                                             Մայք Խարապեան

 Ատենադպիր                                                       Ատենապետ

 3 Դեկտեմբեր 2019

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ