Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Լիբանանի տնտեսական եւ քաղաքական դժուարին օրերուն՝ ՓԱՌԱՒՈՐԱՊԷՍ ԲԵՄԱԴՐՈՒԵՑԱՒ ԿՈՄԻՏԱՍ ԹԱՏԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.

 

Լիբանանի տնտեսական եւ քաղաքական ճգնաժամի դժուարին օրերուն, երբ կոչեր կ’ըլլան հայութիւնը Մայր հայրենիք եւ Արցախ տեղափոխելու, անմահ Կոմիտասի 150-ամեակին առիթով անոր կեանքն ու տառապալից գործունէութիւնը բեմ բարձրացնելը՝ հրաշքի համազօր երեւոյթ է։

 

Արդարեւ, մեկենասութեամբ «Գոհար» համոյթին եւ բեմադրութեամբ երիտասարդ ու բազմատաղանդ բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեանի, մասնակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբին եւ «Արարատ» հնգեակին՝ ամիսներէ ի վեր նախապատրաստուող թատերգութիւնը ի վերջոյ հրամցուեցաւ Լիբանանի հայութեան եւ թատերագէտ եւ թատերասէր ընտրանիին՝ 29 Նոյեմբեր – 8 Դեկտեմբեր 2019-ին, հայաշատ Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ։

 

 

«2011 թուականին «Պրն. Կարպիս» թատրոնին տեսերիզը ուղարկեցի Հայաստան՝ գործընկերոջս Արսէն Գասպարեանին։ Տեսերիզը դիտելէ ետք հարցուց, թէ ինչո՞ւ Կոմիտաս վարդապետին կեանքը չես բեմադրեր։ Քու ընկերդ՝ Կարէնը, նմանութիւն ալ ունի Կոմիտաս վարդապետին։ Այսպիսով սկսաւ մեր փնտռտուքը. Կոմիտասի կեանքն ու գործունէութիւնը իսկական ձեւով նկարագրող թատրոնը։ Քանի մը տարիներ ետք բարեբախտաբար գտայ Լիլի Թոմասեանի բեմադրութեամբ Կոմիտասի կեանքը, որ շատ գեղեցիկ ձեւով ներկայացուցած էր», կը բացատրէ բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեան։ Իսկ բազմաթիւ թատերգութիւններու մէջ միասնաբար աշխատած, նոյնպէս երիտասարդ ու տաղանդաշատ դերասան Կարէն Տարագճեանի համար Մեծն Կոմիտասը այսքա՜ն հարազատօրէն մարմնաւորելը օրն ի բուն, նոյնիսկ գիշերային ծանր աշխատանքի արդիւնքն էր։ «Գոհար» համոյթի արհեստավարժ-մասնագիտական աջակցութեամբ, Կարէն Տարագճեան ձայնամարզութեան ու երաժշտական վերապատրաստութեան հետեւեցաւ, կոմիտասեան շարականներն ու երգերը, նոյնիսկ «Շնորհալի» երգչախումբը թատերգութեան ժամանակ ղեկավարելը իրականացնելու համար։ Առաւել եւս, թատերգութեան մէջ գլխաւոր դերասանը ներկայացուց Կոմիտասի ուրախ եւ կենսախինդ կերպարը, նոյնիսկ սիրահարութիւնը Մարգրիտին հետ (Գոհարիկ Քերոբեան), որ յանգեցաւ իր դէմ «սարքուած» բամբասանքներու եւ դաւերու ստոր շարանին՝ պատճառ դառնալով Կոմիտասի կեանքի ողբերգութեան։

 

Թատերգութեան մատուցած անակնկալներէն էր պատանեկան Կոմիտասի, Սողոմոնի, թրքերէնով հաղորդակցուիլը իր մեծ մօր հետ, ինչպէս նաեւ Գէորգ Դ. հայրենասէր կաթողիկոսին ներկայութեամբ, Դերձակեան վարդապետին միջնորդութեամբ, որ նոյնպէս թրքերէնի թարգմանիչն էր։ Ինչպէս բարձր խաղարկութիւն ցուցաբերեցին պատանի Միսաք Աւետիքեան, «Մեծ մայր» Արփի Աւետիքեան, Դերձակեան՝ Յարութ Թորոսեան։ Մինչ Գէորգ Դ. կաթողիկոսին դերով հանդէս եկող բազմավաստակ դերասան Յակոբ Գալայճեան, ինչպէս նաեւ Կարօ Գինոյեան (Մատթէոս Կաթողիկոս) լոյս սփռեցին այն օրերու Սրբ. Էջմիածնի խաղացած դերին՝ Կոմիտասի կեանքին մէջ։ Թուրք անգութ սպայ Պահաէտտին Պէյի դերով բացառիկ խաղարկութիւն ցուցադրեց նոյնպէս բազմավաստակ արուեստագէտ Վարդան Մկրտիչեան՝ ներկայացնելով դէպի Չանղըրը եւ այլ տանջարաններ բռնագաղթած ու միայն մի քանի հայ երեւելիները կիսախելագար վիճակով Պոլիս վերադարձուած (որոնց կարգին «փափազ Կոմիտաս»)։

 

Թէեւ կարճ, բայց իրենց խաղարկութեամբ աչքի ինկան Յարութ Մանուկեան (Կոստանեան), Արմանտ Շխրտըմեան (Արշակ Չօպանեան), Յովակիմ Քէշիշեան (բժիշկ Պապայեան), Շուշանիկ (Շողեր Թորոսեան), Կայէլ Թորոսեան (Անահիտ), Լալոյ (Շանթ Այնիլեան), ներկայացուցիչ՝ Ռաֆայէլ Կիւմիշեան, ինչպէս նաեւ բանտարկեալի դերով հանդէս եկող Արմէն Մաճարեան, Կարօ Բանօղլեան, Աբօ Պալթայեան, Միսաք Թիւթիւնճեան։ Անոնք արտայայտեցին այդ օրերու «Իթթիհատ»ականներու հետ «գործ բռնող» եւ չարաչար սխալուող եւ բանտերը նետուող Պոլսոյ հայ ընտրանին՝ որոնց նմանները այսօր ալ գոյութիւն ունին Թուրքիոյ թէ աշխարհասփիւռ հայութեան, Մայր Հայրենիքի մէջ։

 

Մեծն Կոմիտասի փոթորկալից կեանքն ու գործունէութիւնը, ողբերգական վախճանը ներկայացնող այս փառաւոր թատերգութեան մէջ հիանալիօրէն ներկայացուած էին խորհրդաւոր բայց Կոմիտասի եւ իր գաղափարակիցներուն կեանքը, ճակատագիրը որոշող «հեթանոսական» պարող քրմուհիներ։ Ամբողջ թատերգութեան ընթացքին կեդրոնական դեր խաղացած պարերուն գլխաւոր կարգաւորող-ձեւաւորողը Լառա Ճիպեանն էր։ Իսկ ձայնային «միջամտութիւններ», որպէս դեսպան Մորկենթաու (Նարեկ Մկրտիչեան), Մերիտ իշխան (Միսաք Թիւթիւնճեան), դիմայարդար՝ Մարինա Գրիգորեան, շարժապատկեր (Վարդան Մկրտիչեան), բեմադրութեան ձեւաւորող Տարիա Խտըշեան՝ փաստօրէն հսկայական աշխատանք տարած էին այս կոթողական ստեղծագործութեան յաջողութեան համար։

 

Չափազանց յուզիչ եւ անսպասելի աւարտ ունեցաւ թատերգութիւնը, երբ Կոմիտաս վարդապետն ու թրքախօս որբ մանուկ Կոմիտաս-Սողոմոն ի վերջոյ կ’ողջագուրուին հանգուցեալ մօր հետ՝ անդենականի մէջ, փայլուն կերպով ներկայացուած Լորի Հովիւեանին կողմէ…։ Որոտընդոստ ծափերու տակ աւարտին հասած այս յոբելենական 150 Կոմիտաս հիանալի թատերգութիւնը նոր էջ կը բանայ Լիբանանի թէ Սփիւռքի հայ թատրոնի պատմութեան մէջ։

 

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

Պէյրութ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ