Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Աւելի քան 2,2 միլիոն տոլար գոյացաւ Հայ-ամերիկեան թանգարանի ձեռնարկին

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- ԿԼԵՆՏԷՅԼ.– Կիրակի, Դեկտեմբեր 8-ին, Պեւըրլի Հիլզի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ կայացած Հայ-ամերիկեան թանգարան եւ մշակութային կեդրոնին տարեկան 2-րդ ձեռնարկին ընթացքին կարելի եղաւ աւելի քան 2,2 միլիոն տոլար գոյացնել։

 

Հարիւրաւոր համակիրներ, համայնքային ղեկավարներ եւ պետական պաշտօնատարներ ներկայ էին ձեռնարկին, տօնելու ցարդ արձանագրուած իրագործումները եւ գործնականապէս զօրակցելու պատմական նշանակութիւն ունեցող այս ծրագիրին, մինչ յառաջիկայ տարի ակնկալուող թանգարանի հիմնարկէքին պատրաստութիւնները կը վերջնականացուին։

 

Ձեռնարկին դրօշակի արարողութիւնը կատարեցին ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, իսկ քայլերգները կատարուեցան ՀԲԸՄ-ի երգչախումբին կողմէ, առաջնորդութեամբ խմբավար Գայիանէ Բաղդասարեանի։

 

Բացման աղօթքը միասնաբար կատարեցին թանգարանի հոգաբարձական կազմի համաատենապետներ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ (Տանն Կիլիկիոյ) Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդ Միքայէլ Եպս. Մուրատեան եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութեան հոգեւոր հովիւ Վեր. Պերճ Ճամպազեան:

 

Ապա, ցուցադրուեցաւ «Ֆոքս 11» կայանի հաղորդավար Արաքսիա Կարապետեանի մասնակցութեամբ տեսանիւթ մը, որ տպաւորիչ կերպով ներկայացուց Հայ-ամերիկեան թանգարանի առաքելութիւնը։

 

Հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր մրցանակակիր հաղորդավար Լորա ՄըքՔենզին, որ բարի գալուստ մաղթեց սրահը ամբողջութեամբ լեցուցած մասնակիցներուն։

 

Թանգարանին գործադիր վարիչ Շանթ Սահակեան արտայայտուեցաւ թանգարանի ծրագիրին կարեւորութեան մասին, շեշտելով, որ անիկա պիտի նպաստէ հայոց պատմութիւնը եւ մշակոյթը պահպանելու եւ անոնց բարգաւաճումը ապահովելու ջանքերուն, հանդիսանալով նուէր մը յաջորդող սերունդներուն։

 

Իր կարգին, թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագիրին առաջին իսկ օրէն զօրակցող նուիրատուներուն, կամաւորներուն եւ յատկապէս թանգարանի «Հիմնադիրներու շրջանակ»ի անդամներուն, հիմնադիր բարերարներուն եւ «Ժառանգութեան խորհուրդ»ին։ Ան նաեւ յայտարարեց, թէ նուիրահաւաքին 100,000 տոլարով կը մասնակցի Քրիս Պօղոսեանը, եւ 250,000-ական տոլարով՝ տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Ժանէթ Պարսումեանները եւ տէր եւ տիկին Պետրոս եւ Աննա Օրունճաքճիէլները։

 

Ընթրիքին ընթացքին, ներկաները վայելեցին Կրեկ Հօշարեանի եւ «Արմինըն փափս»ի կատարումները։

 

Ապա, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ իր ելոյթին մէջ ողջունեց այն իրողութիւնը, որ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ նահանգին 2019-2020 ամավարկին մէջ հաստատեց թանգարանին 5 միլիոն տոլար յատկացնելու որոշումը։

 

Իր կարգին, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ դրուատեց թանգարանի ծրագիրը, շեշտելով, որ անիկա պիտի հանդիսանայ այն վայրը, ուր տարբեր ազգերու եւ կրօնքներու ներկայացուցիչները առիթը պիտի ունենան ծանօթանալու ամերիկահայ համայնքին ունեցած յատկանշական ներդրումներուն։

 

Հայաստանի կառավարութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ մօտէն ծանօթ է թանգարանի ծրագիրին անցած ճամբուն եւ եղած է անոր մասնակիցներէն մէկը: «Այսօր Ամերիկայի հայ համայնքն աւելի քան երբեւէ մօտ է թանգարանի ստեղծմանը, թանգարան, որն ամերիկեան հանրութեանը կը ներկայացնի Միացեալ Նահանգներում հայերի պատմութիւնը, հայ համայնքի հսկայական ներդրումը երկրի կեանքում, մշակոյթի, գիտութեան եւ այլ բնագաւառներում: Այսօր հայ ժողովուրդն իր անբաժանելի երկու բաղկացուցիչ մասերով առաջ է շարժւում աւելի վստահօրէն, քան երբեւէ մեր ժամանակակից պատմութեան ընթացքում: Ունենալ հզօր Հայաստան նշանակում է ունենալ հզօր Սփիւռք», ընդգծած է Սինանեան, աւելցնելով. «Թանգարանը ոչ միայն հայոց պատմութեան մատուցման մէկ հարթակ է, այլ նաեւ կրթական կենտրոն, որը կարեւոր դեր է կատարելու հայապահպանման գործում»:

 

Այնուհետեւ սկսան մեծարումները:

 

Քաղաքական եւ իրաւական մարզերէն ներս իր յատկանշական իրագործումներուն եւ Կլենտէյլ քաղաքին հետ թանգարանի տարեկան միայն մէկ տոլարի վարձակալութեան համաձայնագիրին պատրաստութեան մէջ իր դերակատարութեան համար մեծարուեցաւ յայտնի իրաւագէտ Քենեթ Լ. Խաչիկեանը: Մրցանակը յանձնեցին թանգարանի հոգաբարձական կազմի անդամներէն՝ Տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան (Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւն) եւ Գաբրիէլ Մոլոյեան («Նոր Սերունդ» մշակութային միութիւն), ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան:

 

Ամերիկահայութեան ցուցաբերած իր նեցուկին եւ Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւններէն թանգարանին համար 1 միլիոն տոլարի աջակցութիւն ապահովելուն համար, մեծարուեցաւ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Քեթրին Պարկըր։ Մրցանակը յանձնուեցաւ թանգարանի հոգաբարձութեան անդամ Արշօ Աւագեանին (Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան) եւ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչ Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանի («Նոր Օր» հիմնարկութիւն), ինչպէս նաեւ ծերակուտական Փորթանթինոյի կողմէ:

 

Իբրեւ Միացեալ Նահանգներու ծովուժի նախկին քարտուղար եւ պաշտպանութեան փոխնախարար սպասարկած ամերիկահայ Փօլ Ինկնէյշըս, որ գործուն մասնակցութիւն բերած է նաեւ թանգարանի դրամահաւաքի նախաձեռնութեանց, յաջորդ մեծարեալն էր։ Մրցանակը յանձնեցին՝ հոգաբարձութեան անդամներ՝ Թալին Եագուպեան (Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան) եւ Աւետիք Իզմիրլեան (Հայ մշակութային հիմնարկութիւն), ինչպէս նաեւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան, որ քաղաքին կողմէ նաեւ յատուկ յուշատախտակ մը յանձնեց ծովուժի նախկին քարտուղարին:

 

Նշենք, որ Հայամերիկեան թանգարանի վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հետեւեալ կազմակերպութիւնները եւ հաստատութիւնները՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարան, Հայ մշակութային հիմնարկութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, «Նոր Օր» հիմնարկութիւն, «Նոր Սերունդ» մշակութային միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան:


Հայամերիկեան թանգարանի եւ մշակոյթի կեդրոնին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելել www.AAMGala.org կայքը կամ դիմել (818) 644-2073 թիւին:

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ