Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

«Մասիս» Երկլեզու Շաբաթաթերթի Աշխատակիցներուն Հանդիպումը

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 20-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին Փասատինայի ՀՄՄ «Կարօ Սողանալեան» բարեզարդուած սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՍԴՀԿուսակցութեան մեր շրջանի երկլեզու պաշտօնաթերթին եւ «Massis Post»-ի ամէնօրեայ համացանցային հրատարակութեան աշխատակիցներուն տօնական օրերուն առիթով անդրանիկ հանդիպում-խրախճանքը։

 

            Ներկայ էին մօտ 80 աշխատակիցներ իրենց կողակիցներով, թերթի վարչական պատասխանատուները եւ «Massis Post» անգլերէնով հրատարակող երիտասարդները։

 

Հոգելից բովանդակութեամբ բարի գալուստի եւ ողջոյնի խօսք առաւ կուսակցութեան բազմավաստակ գործիչ եւ հրապարակախօս՝ Գաբրիէլ Մոլոյեան. «Մասիս ՍԴՀԿուսակցութեան պաշտօնաթերթը ըլլալով, հոն կը տեսնենք մեր կուսակցութեան տեսակէտները, հայրենիքի կամ սփիւռքի կեանքէն ներս տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն արտացոլումը», ըսաւ Պրն. Մոլոյեան եւ յանուն «Մասիս» թերթի բոլոր պատասխանատուներուն «շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր աշխատակիցներուն, որոնց աշխատակցութեան շնորհիւ այսօր «Մասիս» դարձած է սիրուած եւ փնտռուած թերթ մը», աւելցուց Պրն. Մոլոյեան։

 

            Ապա ողջոյնի եւ սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցան Սարգիս Վահագն, Տոքթ. Արշակ Գալայճեան, Հենրիկ Անասեան, Համբարձում Աղպաշեան, թերթի տնօրէն Վահէ Աջապահեան եւ Խաչիկ Ճանոյեան։ Բոլոր խօսք առնողները գնահատեցին «Մասիս» եւ «Massis Post» թերթերը, իրենց հայրենական, սփիւռքի եւ քաղաքական լուրերու յստակ կեցուածք դրսեւորող բովանդակութեանց համար, որ էապէս կարեւոր է հայ մամուլի պարագային։

 

            Գնահատանքի այս խօսքերէն ետք գործադրուեցաւ շատ հաճելի յայտագիր մը՝ ազգային-հայրենասիրական եւ էստրատային երգերու, մասնակցութեամբ Յակոբ Կակոսեանի եւ Յարութ Տէր Դաւիթեանի, ներկաներուն լիաթոք մասնակցութեամբ եւ երգեհոնահար Վարդան Քէօրօղլեանի (օրկի) ընկերակցութեամբ։

 

            «Մասիս» թերթի գլխաւոր խմբագիր եւ երկարամեայ կուսակցական ղեկավար Գրիգոր Խոտանեանի փակման եւ շնորհակալական խօսքով վերջ գտաւ այս յիշարժան հանդիպումը։

 

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

 

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ