Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Մահագրական Սիրելի Ընկերոջս Անդրանիկ Մխիթարեանի Յիշատակին

 

Բժ. ՊԵՐՃ ԳԱԼԱՄՔԱՐԵԱՆ

Կ’ուզեմ մտքերս ամփոփել խօսելու համար ընկերոջ մը մասին, որմէ թէեւ բաժնուած ենք աշխարհագրականօրէն հսկայ տարածութեամբ, բայց այդ տարածութիւնը նոյնիսկ բաւարար չէ ընդգրկելու համար այն քաղցրութեամբ յագեցած եղբայրական յուշերն ու անմոռանալի յիշատակները մեր կեանքի ամենէն անմեղ ու պարզունակ օրերէն:

Անդօ, սիրելի ընկեր, այս առաւօտ կարդացի քու մահազդդ.- իմ կեանքիս մէջ պատահած տխուր միջադէպերէն ամենէն դժուար համոզելին: Եկան ու աչքիս առաջ շարուեցան պատանեկան եւ երիտասարդական կեանքի մեր լաւ օրերը, յետագայի մեր հանդիպումներու ընթացքին քու անկեղծ եւ հոգատար վերաբերմունքդ: Դուն, որ կը ջանայիր զիս տարհամոզել, զգուշանալ երկար ճամբորդութիւններէ, նկատի առնելով իմ առողջական վիճակս, հիմա դուն անդարձ հեռաւորը առիր:

Անդրանիկ Ստեփանի Մխիթարեան, այս ի՞նչ խաղի բերիր մեզ: Այս անակնկալը ցաւալիօրէն ծանր է իմ հոգւոյս, մտքիս ու սրտիս համար: Դո’ւն իմ երկար տարիներու ընկեր: Դասընկեր Մելգոնեանի գրասեղաններէն եւ սենեկակից ընկեր Երեւանի Բժշկական Համալսարանի հանրակացարանի, ուր դուն եւ ես սորվելով, կատարելով, Արարատի ֆութպոլի խաղերը դիտելով եւ վարի յարկի Յովսէփին եւ Զուարթին հետ ուսանողական համեղ ճաշերը վայելելով:

Մեր բոլոր ընկերներն ու բարեկամները ցնցուած են այս գոյժէն եւ իրարու ցաւակցութիւն կը յայտնեն: Դուն գիտէի՞ր որ այսքան սիրուած էիր: Յստակօրէն կը յիշեմ քու լուռ երազող աչքերդ հենած ծառի մը կոճղին՝ ՄԿՀ տղոց բաժնի ցանկապատին այս  կողմը, միւս կողմը երթեւեկող աղջիկները դիտելով եւ բանաստեղծութիւն քու հոգիիդ սնունդն էին: Դուն Մելգոնեանի մեր Paul Anka-ն էիր , իսկ ֆութպոլի դաշտին վրայ անզիջող զէյթունցին: Հիմա կը մխիթարուիմ լոկ այն երկու հանդիպումներով, որ ունեցանք Լոս Անճելըսի մէջ եւ ապա մեր սիրելի Մելգոնեանի հողին վրայ:

 

Մահուանդ գոյժը սաստիկ ցնցեց զիս մանաւանդ անոր համար, որ որքան ալ ջանայի, պատճառը չկրցայ հասկնալ: Եղբայրդ՝ Վահէն ալ չկրցաւ օգնել: Որքա՜ն կ’ուզէի հետդ խօսած ըլլալ անգամ մըն ալ, կամ գոնէ քեզի ձգած պատգամիս պատասխանած ըլլայիր, զոր ինչպէս միշտ, աւարտեր էի «կրկին քեզ տեսնելու յոյսով»: Ես միշտ կը կարծէի, որ այս տողերը դուն պիտի գրէիր ուղղուած … բայց կ’երեւի՝ ա’լ մեր յաջորդ հանդիպումը անդենականին մէջ պիտի պատահի:

Սպանիոյ հիւսիս արեւմուտքը ցուրտ հողակոյտի մը տակ կը հանգչիս, մինչ դուն կ’երազէիր հայրենի հողն: Թող հոգի’դ սաւառնի այնտեղ, դէպի լեռներն հայրենի ու հանգիստ գտնէ այնտեղ:

Հողը թեթեւ ընկե’ր:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ