Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Խմբագրական. Զգաստութեան Պահը

 

            Շատ ցաւեր կրեցինք եւ տակաւին կը շարունակենք կրել համայն աշխարհին սպառնացող պսակաձեւ ժահրի (coronavirus) համաճարակէն: Մինչ մոլորակի բնակչութիւնը լարուած ուշադրութեամբ կը հետեւի նորայայտ այս ժահրի covid-19 հիւանդութեան տարածումին ականատես կը դառնանք անոր տարածուող աւերուածութեան եւ ստեղծած սարսափին: Վախազդու երազի մը նման, ծանր փորձառութեան կ’ենթարկուի մարդկութիւնը ամէնուրեք հիւանդութեան լուրջ սպառնալիքով մարդկային կեանքին, որ մեր ամենաթանկագին պարգեւն է: Համաճարակը չի ճանչնար ոչ երկիր, ոչ ազգութիւն, ոչ դաւանանք:

Գոյութիւն ունեցող այս մղձաւանջին մէջ կ’անդրադառնանք հետեւեալ կէտերուն. Ինչքան փխրուն կրնայ ըլլալ մարդկութիւնը փոքրագոյն աներեւոյթ ժահրի մը դիմաց: Հետեւաբար առաւել եւս կը գնահատենք մարդու առողջութեան արժէքը: Այս օրերը մեզի կը յուշեն նաեւ ընտանիքի միութեան  եւ միասնութեան կարեւորութեան մասին դժուարին ժամանակներու ընթացքին: Նոյնպէս կրնանք արժեւորել ընտանիքի մէջ համերաշխութեան եւ սիրոյ կարեւոր դերը, զօրակցութեան կենսականութիւնը իրար օգնելու եւ պաշտպանելու յատկապէս նեղութեան եւ տագնապի աննախընթաց օրերուն: Այսօր երբ երկրի քառորդ բնակչութիւնը տուներու մեկուսացման մէջ է, աշխարհը գեր ուշադիր հետեւելով կործանարար համաճարակի զարգացումներուն, անոր ահին ու վախին պէտք է լուր մտածենք թէ պահն է լուրջ զգաստութեան եւ քաջութեան: Աննախնթաց առիթն է միմիանց օգնելու, պաշտպանուելու աներեւոյթ թշնամիին դէմ եւ հաւաքաբար պաշտպանելու մեր շուրջ գտնուող ընտանեկան պարագաներուն, մեր մեծահասակներուն, փոքրերուն, մեր հայրենիքին եւ հայրենակիցներուն ու համայն մարդկութեան: Եւ այդ բոլորը  պարտինք ընել բարձր պատասխանատուութեամբ, քաջաբար եւ հանդարտութեամբ:

            Այսօր զգաստութեան գերագոյն պահն է:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ