Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Բարձր Գիտակցութեամբ Հետեւիլ Առողջապահական Թելադրութիւններուն

 

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւնը վերջին շաբաթներու Պսակաձեւ Ժահրի (Corona virus)՝ Covid-19 համաճարակի հետեւանքով յառաջացած ճգնաժամի վերաբերեալ կեանքի կոչած է յատուկ շտապ մը (task-force), խորհրդատուական օգնութիւն մատուցելու Հայ համայնքի անդամներուն։

Այս ճակատագրական օրերուն բարեբախտաբար գոյութիւն ունի պետական նահանգային եւ քաղաքային օժանդակութիւն հանրութեան համար՝ առողջապահական, տնտեսական, ընկերային եւ այլ կարիքներու առնչութեամբ։

Կը խնդրուի դիմել առցանց adlwd.org հասցէին եւ կամ հեռաձայնել հետեւեալ թիւին՝ 1(626) 247-4600։

Կոչ կ՚ընենք մեր համայնքի բոլոր քաղաքացիներուն պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ հետեւիլ տեղւոյն առողջապահական թելադրութիւններուն եւ դիմել տնտեսական տրամադրելի նպաստներուն։

Մնանք մեր տուներուն մէջ։

Մնանք ապահով։

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ