Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8, 2024

Շաբաթաթերթ

Աստուածաշունչի Սերտողութիւններ Արեւմտեան Թեմէն Ներս

Որքան ալ այսօրուան պայմանները իրենք զիրենք կը պարտադրեն, բայց եւ այնպէս մարդը միշտ ալ հնարաւորութիւնը կը գտնէ անպայմանօրէն կապի միջոցներ որոնելու եւ ըստ այնմ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու իր նմանին հետ:

Ահա այդ երեւոյթներէն մէկն է այսօրուան իրավիճակը, երբ համայն աշխարհ համաճարակի պատճառով հեռաւորութեան մէջ է, բայց միջոցներ կան, որոնք հնարաւորութիւնը կու տան կապի մէջ ըլլալու: Այդ միջոցներէն մէկն է “Zoom’’ կոչուածը: Ահա այս կապի միջոցով է, որ այսօրուան հանդիպումները, ժողովները, ու մանաւանդ՝ Աստուծոյ խօսքին տարածումը կը կատարուին:

Առ այդ, Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2020, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հեռակայ հանդիպում մը Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Հիւսիսի շրջանի եկեղեցականներուն հետ, գլխաւորութեամբ՝ Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէր­տէր­եանին: Այս հանդիպման ներկայ էին՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Ա Քհնյ Յարութիւնեան, Հոգեւոր հովիւ Քուբէրթինոյի Ս. Անդրէաս Եկեղեցւոյ, Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ Պօյաճեան, Հոգեւոր հովիւ Սիաթէլի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ, Արժ. Տ. Գրիգոր Քհնյ Զաքարեան, Հոգեւոր հովիւ Օգլընտի Ս. Վարդան Եկեղեցւոյ, Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհնյ Աշ, Հոգեւոր հովիւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ, Արժ. Տ. Եղիշէ Քհնյ Քսաչիկեան, Հոգեւոր հովիւ Սաքրամէնթոյի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ, Արժ. Տ. Մաշտոց Քհնյ Քէշիշեան, Հոգեւոր հովիւ Փորթլընտի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Թեմի Քրիստոնէական Գրասենեակի պատասխանատու՝ Մաշտոց Չօպանեան:

Հանդիպման գլխաւոր նպատակն էր մօտէն ծանօթանալու կատարուած հոգեւոր աշխատանքներուն, ի մասնաւորի Աստուածաշնչական սերտողութիւններուն, ինչպէս նաեւ Առաջնորդարանի աջակցութիւնը բերելու այս մարզէն ներս: Իւրաքանչիւր շրջանի Հոգեւոր հովիւ ներկայացուց իր կատարած աշխատանքները, աշխատանքներուն մօտեցման եղանակը, օգտագործման մեթոտները, ինչպէս նաեւ դիմագրաւած դժուարութիւնները: Անոնք նաեւ անդրադարձան, որ նոյնիսկ այսօրուան դժուարին պայմաններուն մէջ, առաւել եւս կարիքը կը զգացուի Աստուծոյ խօսքին տարածման, հաւատալով, որ այդ Խօսքը, Պօղոս Առաքեալի բացատրութեամբ՝ Կեանքի Խօսք է, Լոյս ու Ճրագ է մեր քայլերուն: Անդրադարձան Աստուծոյ Խօսքին տեղին, դերին ու անոր զօրութեան, որ կը մխիթարէ հաւատացեալներուն կեանքը:

Զեկոյցներու աւարտին, Գրասենեակի պատասխանատու Մաշտոց Չօպանեան այդ բոլորը արձանագրելէ ետք, վստահեցուց համագործակցութիւնը եւ աջակցութիւնը բերելու կատարուած աշխատանքներուն եւ առաւել եւս թափ տալու այս նուիրական ու Աստուածահաճոյ առաքելութեան:

Հանդիպման աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց իւրաքանչիւր շրջանի Հոգեւոր հովիւի կատարած նուիրական այս աշխատանքը, առաւել եւս խրախուսեց ու քաջալերեց որ չբաւարարուիլ եղածով այլ աւելիին ձգտիլ, որովհետեւ կարիքները շատ աւելի են: Անոնց մաղթեց քաջառողջութիւն, իրենց անմիջական ու մեծ ընտանիքի անդամներուն, վստահեցնելով, որ Առաջնորդարանը միշտ զօրավիգ է ծուխերուն: Այս հեռակայ հանդիպումները պիտի շարունակուին ու տեղի պիտի ունենան նաեւ այլ ծուխերու հետ եւս: 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ