Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամէն Ինչ Արցախի Համար

Հ.Հ. Լոս Անճելըսի Գլխաւոր Հիւպատոսը Լաս Վեկաս Այցելեց

 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17-ին Լոս Անճելըսի գլխաւոր Հիւպատոս՝ Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, ընկերակցութեամբ ԱՄՆ-ի մէջ գործող Արցախի ներկայացուցիչ՝ Ռոպերթ Աւետիսեանի, հանդիպում մը ունեցան Նեվատայի հայութեան հետ, Լաս Վեկասի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ։

Հանդիպումը կազմակերպած էր Հ.Հ. Լաս Վեկասի պատուոյ Հիւպատոս՝ Ատրուշան Արմէնեան, Ներկայ էին Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ հոգեւոր  հովիւ Հոգշ. Տ. Սասուն Ծ. Վրդ. Զմրուխտեան, Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Վահան Ս.ք. Կոստանեան եւ մեծաթիւ հայրենակիցներ։

Մօտ մէկ ժամ տեւող ելոյթով Դոկտ. Բայբուրդեան ներկաներուն խօսեցաւ հայրենիքի եւ Արցախի դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ զինադադարի համաձայնութեան պայմանները։

Պրն. գլխաւոր Հիւպատոսին այցելութեան առիթով Նեվատա նահանգի Քլարք գաւառը, որուն մաս կը կազմէ Լաս Վեկաս քաղաքը, այս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը։

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Նեվատայի հայութիւնը այս պատմական ճանաչումին համար եւ շնորհակալութիւն Քլարք գաւառի վերահսկիչներու մարմնի անդամներուն։

 

Գոնկրէսի Հայկական Համախմբումը Մինսկի Խումբին Մէջ Ամերիկեան Դերը Աւելի Զօրացնելու Կոչ Կ՚ընէ

 

ԱՄՆ-ի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ուղղած է ԱՄՆ-ի, որ անյապաղ վերականգնէ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի աշխատանքները, վերանայելու համար Արցախի զինադադարի համաձայնագիրը, որ ստորագրուած էր առանց ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի 3 անդամներու, երկուքի Ֆրանսաի եւ ԱՄՆ-ի համաձայնութեան։

Գոնկրէսի հայկական համախումբի անդամները Ֆրանք Փալոնը, Կաս Պիլիրաքիսը, Ատամ Շիֆը եւ Ճէքի Սփերսը Նոյեմբեր 11-ին նամակ ղրկած են նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընին, որ Արցախի հարցի ներկայ լուծումը երկարատեւ խաղաղութիւն չի կրնար բերել շրջանի ժողովուրդին համար։

 

Հոլիվուտի Presbyterian Առողջապահական Կեդրոնի Օժանդակութիւնը

 

 

Հալիվուտի Presbyterian առողջապահական կեդրոնը Արցախի եւ Հայաստանի վրայ եղած յարձակումներէն ետք, յատկանշական մեծ քանակութեամբ առողջապահական իրեր եւ մարդասիրական օժանդակութիւն առաքեց Հայաստան, հասնելու համար տեղահանուած եւ տնազուրկ եղած ժողովուրդին կարիքներուն։

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ