Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու Միութեան Հայ Ընտանեկան Շաբաթօրեայ Վարժարանի 42-րդ Կրթաշրջանը

ԱՄՆ-ի շատ մը նահանգներու նման, Գալիֆորնիոյ նահանգին մէջ եւս, կրթական կեանքը մեծ դժուարութիւններով կ՚ընթանայ։ Մօտ ինը ամիսէ իվեր բազմաթիւ ընտանիքներ, ուսուցչուհիներ եւ տնօրէններ, մարտահրաւէրներու առաջ կը գտնուին։ Դասաւանդութիւնները առ ցանց տեղի կ՚ունենան։ Աշակերտները ստիպուած են տուն մնալ եւ տունէն դասերուն հետեւիլ, քանի որ Գալիֆորնիոյ պետական կամ անհատական դպրոցաշէնքերը փակ են, պսակաձեւ ժահրի պատճառաւ։

Լոս Անճելըսի մէջ գործող Իրաքահայերու Հայ Ընտանեկան Շաբաթօրեայ Վարժարանը եւս այսպիսի դժուարութեան առաջ կը գտնուի։ Մարտ 2020-էն իվեր, դպրոցաշէնքը փակուած ըլլալով, դպրոցի ժրաջան տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը, անմիջապէս գործի անցան եւ պատրաստեցին առ ցանց դասաւանդութեան անհրաժեշտ քայլերը։

Յիշենք, թէ Լոս Անճելըսի մէջ գործող Իրաքահայերու Միութիւնը 42 տարիէ իվեր կը պահէ այս Շաբաթօրեայ Վարժարանը։ Այս վարժարանէն ներս  4-14 տարեկան փոքրիկներ, ամէն Շաբաթ օր, օրական երկու ժամը հայերէն լեզու, ասմունք, երգ եւ հայոց պատմութիւն կը սորվին։

Դպրոցը իր գոյութեան առա՚ջին օրէն մինչեւ այսօր, անվճառ է։ Աշակերտները միայն արձանագրութեան գումար մը կու տան, եւ ամբողջ տարին առանց թոշակ վճարելու այս դպրոցը կը յաճախեն։

Ամենայն հպարտութեամբ կու գանք ըսելու, թէ դպրոցին մէջ կամաւորաբար կը ծառայեն Հայաստանի, Լիբանանի եւ Սուրիայի լաւագոյն կրթական հաստատութեանց  շրջանաւարտներէն՝ խումբ մը երիտասարդներ, գլխաւորութեամբ համակ նուիրում եւ Ամերիկեան Համալսարանէն M.A.-ի վկայականով շրջանաւարտ՝ Տիկ. Անահիտ Թովմասեան-Խաչատուրեան։ 42 տարիներու ընթացքին այս դպրոցը յաճախած են 1700-է աւելի հայորդիներ, որոնց սիրտը, հոգին եւ միտքը լեցուած է հայրենասիրութեամբ, ազգասիրութեամբ եւ հայու հաւատքով։

Շաբաթ, 12 Սեպտեմբեր, 2020-ին մեր դպրոցի 42 կրթաշրջանը սկսաւ։ Արդէն նախապէս տնօրէնութիւնը արձանագրութիւնները կատարած էր, ծնողներուն եւ աշակերտութեան դասագիրքերը բաժնած էր եւ առ ցանց ուսումնական մեթոտաբանութիւնը բացատրած էին ծնողներուն։

Շաբաթ, 17 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ վարժարանի պաշտօնական կրթաշրջանը սկսման եւ մշակոյթ օրուայ տօնակատարութիւնը։

Այդ օր, դպրոցի աշակերտութիւնը իրենց թանկագին ուսուցչուհիներուն ղեկավարութեամբ տասնեակ մը արտասանութիւններ, խօսքեր եւ երգեր երգելով ոգեկոչեցին հայ գիրերու եռանուն ստեղծիչներուն Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի, Ս. Սահակ Կաթողիկոսի եւ Վռամշապուհ Արքայի անունները։

Իսկ Ս. Զատկուայ առիթով դարձեալ տեղի ունեցաւ առ ցանց տօնակատարութիւն մը, որ պզտիկներուն բացատրուեցաւ Ս. Յարութեան տօնին նշանակութիւնը եւ հաւկթախաղի աւանդական տօնակատարութիւնը։ Այս բոլոր միջոցառումներուն տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին կողքին ներկայ եղած են Իրաքահայերու Միութեան այս վարժարանի հիմնադիր՝ Խաչիկ Ճանոյեան եւ Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ժրաջան ատենապետուհի Տոքթ. Մարալ Անճարօղլեան։

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք այս վարժարանի բոլոր պատասխանատուները, ազգանուէր այս գործին համար։ Տնօրէնուհի Տիկ. Անահիտ Թովմասեան-Խաչատուրեանին այս անձնուրաց ծառայութեան եւ նուիրումին համար։

Փառք ու պատիւ մեր դպրոցի բոլոր ծնողներուն, որոնք այս դժուարին պայմաններուն տակ, ուրախութեամբ յանձն կ՚առնեն ամէն Շաբաթ այս զոհողութիւնը կրկին իրենց զաւակները նման հայրենասիրական եւ ազգային դպրոց կը բերեն։ Մեր ծնողները իրապէս արժանի են Մեսրոպ Մաշտոցի եւ ոսկէ դարու բոլոր թարգմանիչներուն օրհնութեանց եւ գնահատանքին։

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ