Պատուաստումէն հրաժարող մարդիկ կը վտանգեն ոչ միայն իրենց առողջութիւնը, այլեւ կը դառնան «նոր շտամներու արտադրութեան գործարաններ»։ Այսպիսի կարծիք յայտնած է Վանտերպիլթի համալսարանի Բժշկական կեդրոնի վարակիչ հիւանդութիւններու բաժանմունքի փրոֆեսոր, տոքթոր Ուիլիամ Շաֆներ։
Անոր խօսքով՝ ներկայիս մարդկային օրկանիզմը քորոնա ժահրի նոր տարբերակներու տարածման միակ աղբիւրն է։ Եւ որքան շատ ըլլան չպատուաստուած մարդիկը, այնքան աւելի մեծ կ՛ըլլան ժահրի տարածման, փոփոխութեան եւ աւելի վտանգաւոր յատկանիշներու ձեռքբերման կարելիութիւնները։
Որոշ փոփոխութիւններ, անշուշտ, ոչ մէկ ձեւով կ՛ազդեն ժահրին վրայ կամ ընդհանրապէս չեն տկարացներ զայն։ Սակայն, երբեմն պատահական «միւթէյշըն»-ը կրնայ աւելի շատ մարդոց վարակելու ունակութիւն ունենալ։
«Եթէ փոխուած տարբերակը բաւական յաջող ըլլայ, անիկա կը դառնայ ժահրի նոր տեսակ, բայց պէտք է վերարտադրուի, եւ նման կարելիութիւն անոր կրնայ տալ չպատուաստուած մարդը», բացատրած է փրոֆեսորը։