Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Փոքրիկները Պէտք Է Արեւապաշտպան Ակնոցներ Օգտագործեն

Մենք բոլորս գիտենք, որ ուլթրամանիշակագոյն ճառագայթները վնասակար են մեր մորթին համար։ Չնայելով, որ ատոնց ազդեցութեան տակ կը ստեղծուի արեւային D վիթամինը, բայց երբ արեւը «չափէն աւելի է», խիստ կը բարձրանայ մորթի քաղցկեղի (մելանոմայի) հաւանականութիւնը, մորթը աւելի արագ կը ծերանայ։ Գումարելով տաքի ներգործութիւնը՝ արեան խտացում, այսինքն կը բարձրանայ «թրոմպ»ներու յառաջացման վտանգը, ինչպէս նաեւ՝ անօթներու «սփազմ», այսինքն կաթուածներու վտանգը։

Մենք բոլորս, ատոր հետ մէկտեղ, ամբողջովին կը մոռնանք, որ արեւը կը հարուածէ մէկ կարեւոր օրկան մը՝ աչքերը, յատկապէս փոքրիկներուն։ Ակնաբոյժ Մարինա Լիվատինա «Մանուկ փոքրիկներու ակումբ» թելեկրամ-ակումբին մէջ բացատրած է, թէ ինչո՞ւ փոքրիկները, ինչպէս մեծերը, անպայման պէտք է պաշտպանեն աչքերը արեւէն, եւ որ աւելի կարեւոր է՝ ուլթրամանիշակագոյնի վտանգաւոր ազդեցութենէն։

Ուլթրամանիշակագոյն ճառագայթները չափազանց վատ ազդեցութիւն կ՛ունենան ակնաբիւրեղի վրայ։ Ատոր երկարատեւ «ինթենսիվ» ազդեցութեան պարագային, մեծերը կրնան ակնաբիւրեղի վաղաժամ մթագնումներ՝ «քաթարաքթ» ունենալ։

Ուլթրամանիշակագոյն ճառագայթները կ՛ազդեն նաեւ աչքի ցանցաթաղանթին վրայ թէ՛ փոքրիկներու եւ թէ՛ մեծերու պարագային։ Այդ շատ նուրբ նեարդային հիւսուածք է, որ լուսային «էներճի»ն կը վերածէ նեարդային «իմփալսներու էներճի»ի։ «Աքթիվ» արեւի պատճառով ցանցաթաղանթը արագ կը ծերանայ։

Այլեւս չենք ըսեր այն մասին, որ եթէ արեւուն նայինք առանց յատուկ պաշտպանութեան, կրնանք ցանցաթաղանթի այրուածք ունենալ։

Եթէ փոքրիկի մը աչքերը բաց գոյն ունին, եթէ ան շիկահեր է եւ մորթի բաց գոյն ունի, կը նշանակէ՝ ուլթրամանիշակագոյն ճառագայթներէն անոր պաշտպանական «փիկմենթ»ը օրկանիզմին մէջ այքան ալ շատ չէ։ Կ՛արժէ նշել, որ մինչեւ մէկ տարեկան փոքրիկներու համար պայծառ արեւը, ընդհանուր առմամբ, վնասակար է. անոնց «փիկմենթ»ը տակաւին չէ ձեւաւորուած, եւ ջերմափոխանակման գործընթացքն ալ (որու պատճառով մենք կը քրտնինք) ամբողջութեամբ գործի չէ սկսած։

Այդ փոքրիկները աւելի լաւ է, որ մնան շուքի տակ։ Եւ ի հարկէ, արեւու տակ չգտնուին ամէնէն տաք ժամերուն՝ առաւօտեան 11-էն մինչեւ երեկոյեան 16-17-ը։ Անպայման պէտք է նաեւ պաշտպանական քսուքներ, գլխարկներ եւ արեւէն պաշպանող ակնոցներ օգտագործեն։

Մանկական ակնոցներու ընտրութեան կանոնները նման են մեծերու կանոններուն. ճիշդ ակնոցները պէտք է պաշտպանեն երկու գործօնէ՝ վառ եւ կուրացնող արեւու լոյսէն եւ ուլթրամանիշակագոյն ճառագայթումէն։ Յիշեցէ՛ք, որ արեւապաշտպան ակնոցներ պէտք է գնել միայն «օփթիքս»ի խանութներէն։

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ