Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ԱՄՆ Քոնկրեսին մէջ հանդիպած է ԱՄՆ խումբ մը քոնկրեսականներու, ծերակուտականներու եւ օրէնսդիր թեւի ներկայացուցիչներու հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են Արցախի արտաքին քաղաքականութեան, հասարակական-տնտեսական զարգացման, երկկողմ յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր։
Նախարար Բաբայեան երախտագիտութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշած, որ ԱՄՆ Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբին հետ սերտ յարաբերութիւնները շարունակական եւ արդիւնաւէտ պիտի ըլլան նաեւ ապագային։




nkr.am